11 Մարտին հրապարակուած «Միացեալ Նահանգներու հետախուզական համայնքի տարեկան սպառնալիքներու արժեւորում» խորագրեալ զեկուցումին մէջ կ՛ըսուի, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի մնան լարուած, «սակայն Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վերադարձը նուազեցուցած է անկայունութիւնը, եւ ռազմական առճակատումը, հաւանաբար, սահմանափակ պիտի ըլլայ տեւողութեամբ եւ տարողութեամբ։ Երկկող հաշտութեան համաձայնագիր մը, սակայն, տակաւին չկայ. անոնց զինուած ուժերը մօտ են իրարու, զինադադարի կիրարկման գործիքակազմերը կը բացակային, եւ Ատրպէյճան պատրաստ է ռազմական ճնշում գործադրելու՝ Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին իր նպատակներուն հասնելու համար: Աւելի՛ն, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իշխանութեան փոխանցումը բնիկ հայերէն ատրպէյճանցիներուն եւ Ատրպէյճանին, իր արտագաւառին հետ կապ հաստատող ցամաքային միջանցք ստանալու պահանջը կ՛աւելցնէ զինուած առճակատման վտանգը», կը նշուի զեկոյցին մէջ:
Անոր մէջ նաեւ կ՛ըսուի, որ Սեպտեմբեր 2023ին Ատրպէյճան «ձեռնարկեց ռազմական գործողութեան, որ պատճառ դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ուժերու ջախջախման եւ Լեռնային Ղարաբաղի իրողական իշխանութիւններու յանձնուողականութեան»:
«Տարածաշրջանի բնիկ հայ բնակչութեան մեծ մասին արագ արտագաղթը եւ կառավարութեան ծրագրուած լուծարումը թոյլ տուին Պաքուին՝ յառաջ տանելու տարածաշրջանը Ատրպէյճանին համարկելու ծրագիրները՝ արդիւնաւէտօրէն հեռացնելով այս երկարատեւ հարցը երկկողմ խաղաղութեան օրակարգէն», կը նշուի Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան զեկոյցին մէջ: