
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ արք. Տօնոյեան, Ազգային վարչութիւնը եւ Կրօնական ժողովը, միշտ հետամուտ ըլլալով վարժարաններու առաւել ընդարձակման եւ առաւել բարեզարդման՝ խորհրդակցութեամբ Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեանի եւ անդամներու, վարժարանին Ուսումնական մարմինի ատենապետ Վահէ Թաշճեանի ու անդամներու եւ վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Դաւիթեանի, վերջերս ձեռք ձգուեցաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ կից գտնուող՝ շուրջ 10,550 քառ. ոտք տարածութեամբ կալուած մը, որ պիտի ծառայէ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի ընդլայնման:
Տարուէ տարի աշակերտութեան թիւի մեծ յաւելում արձանագրող եւ բարգաւաճող այս վարժարանը յոյժ կարիքը ունի ընդարձակման, որպէսզի կարելի ըլլայ տեղ տալ մեծ թիւով նոր աշակերտներու, որոնք վարժարանի սպասման ցանկին վրայ կը մնան երկար ժամանակէ մը ի վեր:
Եկեղեցւոյ կից կալուածին սեփականատէրը դառնալու այս ընծայուած առիթը չկորսնցնելու նպատակով եւ յատկապէս՝ նշեալ տարածքին ընձեռած յարմարութիւնները նկատի ունենալով, ողջունելի կարեւոր քայլ է այս:
Յայտնենք, որ սոյն կալուածը վարժարանի կարիքներուն պատշաճեցնելու նպատակով, նաեւ շուտով պիտի մշակուի համապատասխան նախագիծ մը: