
«ՌԻԱ Նովոսթի»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա անդրադարձաւ Հայաստանի՝ ՀԱՊԿէն դուրս գալուն մասին զրոյցներուն՝ նշելով, որ այս հաւանական ելքը պէտք է հիմնուած ըլլայ երկրի իրական կարիքներուն վրայ, եւ ոչ թէ` Արեւմուտքի հետ «սիրախաղի»ն։ Ըստ անոր՝ այսպիսի որոշում մը կապ չունի երկրի բուն ազգային շահերուն հետ:
Ան դիտել տուաւ, որ իւրաքանչիւր երկիր ազատ է ընտրելու, թէ ո՛ր միութիւններուն հետ կ՛ուզէ յարաբերութիւններ զարգացնել` որոշ պատճառներէ եւ գործօններէ մեկնած:
«Այդ մէկը պէտք է կատարուի` հիմնուելով իրականութեան եւ երկրի իսկական կարիքներուն վրայ, եւ ոչ մէկ պարագայի պէտք է խաղալ, մատնուիլ արեւմտեան բեմագրութիւններով բեմադրութեան գայթակղութեան», ըսաւ Զախարովա` ընդգծելով, որ «սիրախաղը» կրնայ վտանգաւոր ըլլալ, որովհետեւ այս պարագային խօսքը ապահովական հարցերու մասին է:
Ան ըսաւ, որ չի գիտեր, թէ ինչո՛ւ Երեւանի մէջ քաղաքական գործիչները «Հայաստանի քաղաքացիներուն ՀԱՊԿի բացասական դերին մասին կարծիք կը պարտադրեն»:
«Ինծի կը թուի, թէ անիկա կապ չունի Հայաստանի իսկական սկզբնական եւ ազգային շահերուն», ըսաւ Զախարովա` Պրիւքսելը մեղադրելով Հայաստանի քաղաքացիները ՀԱՊԿի դէմ տրամադրելու մէջ` աւելցնելով. «ՀԱՊԿի կողմէ երբեք վատ բան չէ եղած»:
Ըստ Զախարովայի՝ Երեւան ի՛նք պէտք է որոշէ ՀԱՊԿի մէջ մնալ, թէ հեռանալ, սակայն նման քայլի պէտք չէ դիմել «գոյութիւն չունեցող փաստերու» հիման վրայ: «Կարիք չկայ պատասխանատուութենէ խուսափելու կամ իբր թէ իրական մեղաւորը գտնելու փորձերուն մէջ պահուըտելու ՀԱՊԿի ետին», աւելցուց ան։
Զախարովա նաեւ յայտնեց, որ Մոսկուա Հայաստանի հետ կը քննարկէ արեւմտեան երկիրներու հակառուսական ուղղուածութեան մէջ Երեւանի ներգրաւումը, որպէսզի Հայաստանը նախազգուշացնէ այդ վտանգներուն մասին:
«Դժբախտաբար, մենք բաւական երկար ատենէ ի վեր կը տեսնենք այդ միտումը եւ այդ մասին կը խօսինք. մենք կը խօսինք ներառեալ` շատ գաղտնի, մեր գործընկերներուն հետ, միայն մէկ նպատակով` զգուշացնելու», ըսաւ Զախարովա՝ աւելցնելով, որ հայկական կողմը Մոսկուայի որոշ փաստարկները ընդունեց, «նոյնիսկ որոշ քայլեր ձեռնարկուած է»։ Սակայն ան չբացատրած, թէ խօսքը ո՛ր քայլերուն մասին է:
Ըստ Զախարովայի՝ Մոսկուա «անկեղծօրէն կ՛ուզէ, որ Հայաստան պահպանէ իր գերիշխանութիւնը եւ ազգային շահերու վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն կառուցէ»: