Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերու կոմիտէի նախագահ Կրիկորի Կարասին յայտնեց, որ Արեւմուտքը կը փորձէ Հայաստանը խլել Ռուսիայէն՝ Մոսկուայի դէմ հանելով տեղական ընտրանին: Միաժամանակ, ան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ իրականութեան մէջ, բացի Ռուսիայէն, աշխարհի մէջ չկան երկիրներ, որոնք պատրաստ են նկատի ունենալու հայկական շահերը:
«Երեւանը չի կրնար գտնել աւելի հայամէտ երկիր մը, քան Ռուսիան: Անոր պատճառները շատ են՝ պատմութենէն եւ արիւնակցական կապերէն սկսեալ մինչեւ տարածաշրջանային ապահովութեան առաջնահերթութիւններ: Եկած է լրջօրէն մտածելու ժամանակը», շեշտեց Կարասին: