
Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները Հայաստանի Մեծամօրի կորիզային կայանի հարցով բաց նամակ ուղարկեց Պրիւքսելի մէջ 21 Մարտին մեկնարկած Կորիզային ուժանիւթի անդրանիկ վեհաժողովի համանախագահներ՝ Պելճիքայի վարչապետ Ալեքսանտր տէ Քրուային եւ Կորիզային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսիին։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»ը։
Ըստ ատրպէյճանական կողմին՝ անոնք վեհաժողովի ղեկավարութեան կոչ ուղղեցին՝ ուշադրութիւն դարձնելու, ինչպէս իրենք կը բնորոշեն, «խանգարումի վիճակի մէջ գտնուող կորիզայինէն սպառնացող համաշխարհային վտանգին» եւ Հայաստանի կառավարութեան առջեւ բարձրացնել կորիզային կայանի գործունէութիւնը անյապաղ դադրեցնելու հարցը։
«Մեծամօրի կորիզային կայանը, որ 1976ին կառուցուած է 9.5 բալլանոց երկրաշարժային գօտիին մէջ, կ՛աշխատի հին ճարտարագիտութիւններով եւ նախատեսուած է 8 բալլի համար։ Անիկա կորիզային մեծ վտանգ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ ամբողջ տարածաշրջանին համար», կ՛ըսուի վերոնշեալ նամակին մէջ։
Հայաստան բազմաթիւ անգամներ յայտարարած է, որ աշխուժօրէն կը համագործակցի Կորիզային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ կորիզային ապահովութեան հարցին շուրջ՝ կատարելով իր բոլոր պարտաւորութիւնները։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 21 Մայիսին Կորիզային ուժանիւթի անդրանիկ վեհաժողովին ընթացքին այդ մէկը վերահաստատեց՝ տեղեկացնելով, որ Հայաստան կորիզային կայանի շահագործման ժամկէտը 2026էն մինչեւ 2036 կ՛երկարաձգէ։
Կորիզային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէնը 2022ի վերջաւորութեան այցելեց Երեւան եւ Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկեց կորիզային կայանի ապահովութեան մակարդակի բարձրացման աշխատանքները եւ գոհունակութեամբ խօսեցաւ կայանին մէջ բարեփոխումներուն մասին։