Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ իր երկիրը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` զերծ մնալու յարձակողապաշտ հռետորաբանութենէ եւ գործողութիւններէ, որոնք կրնան առաջնորդել մագլցումներու։
Լրագրողի մը խնդրանքով անդրադառնալով վերջին օրերուն Ատրպէյճանի կատարած այն յայտարարութիւններուն, որ իբր թէ հայկական զինուած ուժերը սահմանին վրայ տեղաշարժի մէջ են` Միլըր ըսաւ, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը 1 Ապրիլին հաստատեց, որ սահմանին վրայ նման բան չէ արձանագրած, եւ, ըստ առաքելութեան, կացութիւնը հանգիստ է, եւ, «հակառակ այդ յայտարարութիւններուն», զօրքերու եւ հրետանիի արտասովոր տեղաշարժեր չկան։
«Կը շարունակենք կոչ ուղղել` տարածաշրջանին մէջ ստեղծելու արդար եւ արժանապատիւ խաղաղութեան պայմաններ, ուր բոլորին իրաւունքները կը յարգուին։ Կայուն խաղաղութիւն ապահովելու միակ ուղին բանակցութիւններու սեղանն է, իսկ իրավիճակի մագլցումը չի բխին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի շահերէն», ըսաւ Միլըր։
Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյենի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի՝ 5 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին` հաստատելով, որ անոր կիզակէտը Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հոլովոյթը պիտի չըլլայ։
«Յիշեցէք, որ այս հանդիպումը Հայաստանի բարեփոխումներու եւ անոր ժողովրդավարութեան, տնտեսութեան եւ դիմացկունութեան կը վերաբերի։ Խաղաղութեան հոլովոյթը այս հանդիպումին կիզակէտը չէ. ասիկա Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ հանդիպում է՝ քննարկելու տնտեսական զանազանեցումը, մարդասիրական օգնութիւնը, տեղահան եղած անձերուն աջակցիլը, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ոլորտներու մէջ Հայաստանի քաղաքական բարեփոխումներուն աջակցութիւնը։ Անիկա շրջանային ուղղուածութիւն ունեցող հանդիպում չէ», մանրամասնեց Միլըր։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս յայտնած էր, որ համակարծիք չէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան այն յայտարարութեան, թէ՝ 5 Ապրիլի հանդիպումը «ակնյայտօրէն միակողմանի, կանխակալ եւ երկակի չափանիշերու վրայ հիմնուած է»։