
Ֆրանսիայի խորհրդարանի անդամ, Ֆրանսա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Անն Լորանս Փեթել յայտարարեց, որ Հայաստան յարձակողապաշտ չէ եւ որեւէ ծրագիր չունի յարձակելու Ատրպէյճանի վրայ:
Ան նաեւ կոչով դիմեց Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելին:
«Հիմնուելով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան վրայ Թոյվօ Քլաար յստակօրէն յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճանի սահմանի երկայնքով ոչ մէկ արտասովոր ռազմական տեղաշարժ նկատուած է: Ժոզեփ Պորել, հրատապ է, որ դուք խօսիք Եւրոպական Միութեան բարձր ձայնով` հաստատելու ձեր յատուկ ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը. Հայաստան յարձակողապաշտ չէ եւ Ատրպէյճանի վրայ յարձակելու ծրագիր չունի», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Փեթել։