Բ.
ԾԱԳՈՒՄՆԱԲԱՆԱԿԱՆ
(Ծննդաբանութիւն հայոց լեզուի եւ հայ ժողովուրդի)
Ա.- ԾԱԳՈՒՄ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ
Ի սկզբանէ էր հայոց լեզուն եւ լեզուն էր սկիզբ եւ պատճառ ծննդեան ազգիս հայոց:
Ժողովուրդի մը ծնունդը անոր լեզուին կապելու տեսութիւնը պատահական եւ քմահաճ մօտեցում մը չէ. ան հիմնուած է սկզբունքային եւ կուռ տրամաբանութեան մը եւ «շօշափելի» տուեալներու վրայ: Այս իմաստով եւ հասկնալի պատճառներով ո՛չ մենք մեր օրերուն եւ ոչ ալ նորերն ու նորագոյն սերունդները, իրենց կարգին, անհրաժեշտ եւ գոհացուցիչ ծանօթութիւն ստացած են իրենց հայերէնի կամ հայոց պատմութեան դասատուներէն:
Իսկ «Թարգմանչաց տօն»երու առիթներով աշակերտութեան փոխանցուածը «գիրերու ստեղծման» պատմութեան սկզբնական եւ «օրօրոցային» հանգրուանէն եւ Սահակ-Մեսրոպի փառաբանութենէն (արդարօրէն) անդին չ՚անցնիր: Եւ այդ մասին շատ աւելի կը խօսինք արտադասարանային եւ հրապարակային հանդիսութիւններու եւ ձեռնարկներու ժամանակ, քան՝ դասապահերու ընթացքին. եւ այդ ալ իբրեւ սոսկական «դէպք»՝ առանց անհրաժեշտ խորացումի եւ ամբողջական արժեւորումի:
Մենք կը հպարտանանք յոխորտալու աստիճան, որ աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ, ամէնէն կատարեալ եւ ամէնէն ամբողջական լեզուներէն մէկն է մեր մայրենին. եւ իրաւունք ունինք: Սակայն որքանո՞վ կը փորձենք եւ կը յաջողինք հիմնաւորել այդ ճշմարտութիւնը եւ ներարկել այդ գիտակցութիւնն ու զգացումը մեր նորահաս սերունդներու մտքերուն ու հոգիներուն մէջ: Ինչպէս յիշեցինք, մեր փոխանցած ծանօթութիւններն ու գիտելիքները սովորաբար կը սկսին ու կանգ կ՚առնեն հայոց «այբուբենի ծննդոցին» վրայ. յաջորդող հանգրուաններու, մեր այբուբենի եւ հայոց լեզուի իւրայատկութիւններուն, նկարագրին, կարելիութիւններուն եւ կարողականութեան եւ տարբերութիւններու մասին ոչ մէկ յաւելեալ ծանօթութիւն կը տրուի:
Եւ կը պահանջենք, որ մեր աշակերտները, ուսանողներն ու նորահաս սերունդը սիրեն ու կապուին իրենց մայրենիին:
Կարելի չէ սիրել ու կապուիլ «անծանօթի մը»:
Հետեւաբար անհրաժեշտ է նախ «ծանօթացնել» հայերէնը հայ աշակերտներուն. եւ, այո՛, առաջին հերթին՝ անոր «կենսագրութեան». անոր ծնունդին եւ «օրօրոցային հանգրուաններուն», պատմական հոլովոյթին, էութեան եւ գլխաւոր յատկանիշներուն, որոնց մասին, դժբախտաբար, ոչ մէկ հիմնաւոր եւ գոհացուցիչ ակնարկ գոյութիւն ունի մեր հին, նոր եւ նորագոյն դասագիրքերուն մէջ. ոչ մէկ բաղդատական՝ հայերէնի եւ այլ լեզուներու տարբերութիւններուն, իւրայատկութիւններուն, կարելիութիւններուն եւ կարողականութեան միջեւ:
Այս իմաստով «ընդհանուր ծանօթացման» նախնական փորձ մըն է մեր կատարածը «Հայ լեզուի տարուան» այս պատեհ առիթով:
Լեզուներու ծագման հարցով մենք կը հիմնուինք պատմահամեմատական լեզուաբանութեան նորագոյն տուեալներուն վրայ. այդ տեսութեան յառաջ քաշած հիմնաւորումներու համադրումն ու վերլուծումը մենք կը գտնենք Ռաֆայէլ Իշխանեանի զանազան աշխատութիւններուն մէջ:
Տեսնենք, թէ այդ մասին ի՛նչ կ՚ըսէ պատմահամեմատական լեզուաբանութիւնը՝ Ռ. Իշխանեանի վկայութեամբ եւ մեկնաբանութեամբ:
«Ոմանք կարծում են, թէ նոր լեզու առաջանում է երկու կամ մի քանի տարբեր լեզուների խառնուելուց: Սա սխալ պատկերացում է: Ճիշդ հակառակը, նոր լեզուներ ծագել ու ծագում են որեւէ լեզուի տրոհուելուց, բաժան-բաժան լինելուց»:
Եթէ ընդունինք այս վարկածը, մեր հետագայ ըսելիքները շատ հեզասահ եւ բնականոն կերպով կ՚ընկալուին:
«Կարեւոր է յիշել, որ ամէն լեզու ժամանակի ընթացքում փոփոխւում է, զարգանում, նաեւ տրոհւում, այսինքն՝ մասերի բաժանւում: Լեզուն յաճախ այնքան է փոփոխւում, որ նոյն ժողովուրդը իր լեզուն, որը խօսել է 1000-1500 տարի առաջ, դժուարութեամբ է հասկանում կամ չի հասկանում: Օրինակ, Ե. դարում խօսուած հայերէնը այսօր հայերը դժուարութեամբ են հասկանում եւ կոչում են գրաբար (գրքի լեզու): Իսկ Ե. դարի հայերն էլ դժուարութեամբ էին հասկանում իրենցից 1500 կամ 2000 տարի առաջ խօսուած հայերէնը: Այդպէս, ժամանակի ընթացքում փոփոխւում է լեզուն:
«Լեզուն նաեւ տրոհւում, բաժան-բաժան է լինում, եւ այդ կերպ առաջանում են բարբառներ: Նոր լեզուներն էլ են այդպէս առաջանում: Երկու, երեք բարբառներ իրարից շատ հեռանալով՝ դառնում են առանձին լեզուներ»:
Ահաւասիկ լեզուներու ծագման եւ կազմաւորման գործընթացը: Միւս կողմէ, հայերէնի կապուած, պատմահամեմատական լեզուաբանութեան մէջ գոյութիւն ունի իրողութեան մը անառարկելի հաստատումը, որու մասին լեզուաբանական միջավայրերու մէջ ընդհանուր եւ միասնական կարծիք կը տիրէ. այդ ալ հայերէնի պատկանելիութիւնն է հնդեւրոպական լեզուաընտանիքին, որուն մաս կը կազմեն նաեւ յունարէնը, հին լատիներէնը, ռոմանական լեզուները (իտալերէն, սպաներէն, ռումաներէն, ֆրանսերէն եւ այլն), պարսկերէն, հնդկերէն, ռուսերէն… եւ այլն: Բոլոր լեզուաբաններն ալ անխտիր համամիտ են նաեւ այն իրողութեան, որ՝ «այդ լեզուների շարքում նա (հայերէնը, Մ.Տ.) կազմում է մի առանձին ճիւղ, որը ոչ մի ուրիշից կախման մէջ չէ եւ ոչ մէկի հետ առանձնապէս սերտ կապեր չունի»: Այսինքն հայերէնը մեր ազգային սեփականութիւնն ու հարստութիւնն է՝ իւրայատուկ եւ ինքնատիպ:
Ուրեմն այս բոլոր ժողովուրդները նախապէս խօսած են ընդհանրական լեզու մը, որ համեմատական լեզուաբանութեան մէջ կը կոչուի «հնդեւրոպական նախալեզու»:
Իսկ ե՞րբ սկիզբ առած է հնդեւրոպական նախալեզուի տրոհման գործընթացը: Լեզուաբանները այդ գործընթացը կը զետեղեն Ն. Ք. մօտաւորապէս 4500-4000 թուականներուն միջեւ, իսկ հայերէնի կազմաւորման համար կը նշեն 3500-3000 թուականները:
«Ըստ համեմատական լեզուաբանութեան նորագոյն տուեալների, հայոց լեզուն իբրեւ ինքնուրոյն միաւոր առանձնացել է հնդեւրոպական բարբառներից մէկի (հարաւայինի) տրոհման հետեւանքով: Այդ տեսակէտի համաձայն, որպէս նոյն բարբառի տրոհման արդիւնք, հայերէնի հետ ծագել են նաեւ յունարէնն ու հնդիրաներէնը (արիականը):
«Հայոց լեզուն հնդեւրոպական մայր լեզուից (նախալեզուից) անջատուել է աւելի վաղ, քան ծագել են յունարէնն ու հնդիրանեանը:
«Ընդհանուր առմամբ, հայերէնի ձեւերը շատ աւելի են հեռացած հ.ե. ելակէտային ձեւերից, քան՝ հնդկական, յունական եւ իրանական արմատները…
«Հայերէնն ընդհանուր առմամբ աւելի մօտ է յունարէնին եւ հնդիրանականին. բայց ակնյայտ է նաեւ, որ այս վերջին երկուսն իրար աւելի մօտ են, քան՝ հայերէնին (խօսքը ծագումնաբանական նիւթի մասին է եւ ոչ թէ փոխառութիւնների):
«Հնդեւրոպական ամբողջութեան տրոհումը բաւական երկար է տեւել. ունեցել է փուլեր: Այն պէտք է սկսած լինի մ.թ.ա. հինգերորդ հազարամեակի կէսերին կամ վերջերին եւ տեւած մինչեւ մ.թ.ա. չորրորդ հազարամեակի կէսերը կամ վերջերը:
«Հայոց լեզուի իբրեւ ինքնուրոյն միաւորի ծագումը պէտք է՝ վերաբերի մ.թ.ա. չորրորդ հազարամեակին, հաւանաբար դրա վերջերին»: Արդ, մեր մայրենին, իբրեւ «անկախ» եւ ինքնուրոյն լեզու, շուրջ 5000 տարեկան է այսօր: Այլ խօսքով, հայերը 5000 տարիներէ ի վեր կը խօսին «սեփական» լեզու մը, որ բնականաբար սկիզբները շատ մօտիկ եղած է հնդեւրոպական նախալեզուին. սակայն դարերու հոլովոյթին հետ ան զուտ ազգային դիմագիծ ստանալով՝ այնքան մը փոփոխութեան ենթարկուած է, որ դարձած է զուտ ազգային ինքնատիպ եւ իւրայատուկ լեզու՝ օժտուած ազգային յատկանիշներով ու դիմագիծով:
Իբրեւ առաջին եզրակացութիւն, հայերէնը մեզմէ շուրջ 6500-6000 տարիներ առաջ սկիզբ առած հնդեւրոպական նախալեզուի տրոհման գործընթացէն յառաջացած ինքնուրոյն լեզուներէն մէկն է, որ որոշ դիմագիծ եւ ինքնատպութիւն ստացած է շուրջ 3500-3000 թուականներուն Ն. Ք.:
Յատուկ ուշադրութեան արժանի է նաեւ այն պարագան, որ՝ «հայոց լեզուն հնդեւրոպական մայր լեզուից (նախալեզուից) անջատուել է աւելի վաղ, քան՝ ծագել են յունարէնն ու հնդիրանեանը». այլ խօսքով, հայերէնը իբրեւ ազգային իւրայատուկ լեզու աւելի հին է, քան՝ յունարէնն ու հնդիրանեան լեզուները:
Նոր առաւելութիւն մը, որ քիչ հպարտառիթ երեւոյթ մը չէ, կը կարծենք, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ մարդիկ երբեմն մէկ-երկու տարիներու տարբերութեան վրայ կը հիմնեն ու կը հիմնաւորեն իրենց առաջնահերթութեան կարգն ու փառքը:
Հայոց լեզուի ձեւաւորման գործընթացը բնորոշելէ եւ անոր ծննդեան մօտաւոր թուականը ճշդելէ ետք՝ կը մնայ նշել անոր ծննդավայրը:
– Ատոր համար անհրաժեշտ է գիտնալ, թէ՝ ո՛ւր գոյացած է հայոց լեզուն. այլ խօսքով, ո՞ւր ապրած են մեր հնդեւրոպացի նախահայրերը:
Ո՞ւր կը գտնուէր «հնդեւրոպական լեզուի նախահայրենիքը»:
– «Հայոց լեզուի ծագման վայրի հիմնահարցը կապուած է հ.ե. ընդհանրութեան հնագոյն կամ մայր հայրենիքի (նախահայրենիքի) տեղադրման խնդրի հետ:
– «Այդ հայրենիքը գտնուել է Փոքր Ասիայի կեդրոնից մինչեւ Պարսից սարահարթ ընկած տարածքում կամ այդ տարածքի մի հատուածում:
– «Հ. ե. մայր հայրենիքի ասիական տեսութիւնն ընդունելուց յետոյ, անհրաժեշտ է դեռ ցոյց տալ , որ հ. ե. ամբողջութեան տրոհումն էլ նոյն վայրում է կատարուել:
«Հայոց լեզուն Հայկական լեռնաշխարհում բնիկ է, թէեւ եկել է Եւրոպայից:
«Մենք ունենք շատ կայուն ապացոյց՝ Լեռնաշխարհում հայոց լեզուի բնիկ լինելու վերաբերեալ:
«Նոյնիսկ հնդեւրոպական նախահայրենիքը Եւրոպայում տեղադրելու վարկածի ամենաջերմ պաշտպան Վ. Գէորգիեւը 1976թ. արդէն Փոքր Ասիան մտցնում էր այդ նախահայրենիքի ոլորտի մէջ:
«Վերջին ժամանակներում ռուս լեզուաբան Օլէկ Շիրոկովը իր մի շարք աշխատութիւններում լեզուահամեմատական մանրամասն, ուղղակի ոսկերչական աշխատանք կատարելով, իբրեւ եզրակացութիւն նշեց, որ հնդեւրոպական նախահայրենիքը եղել է Արեւելեան Փոքր Ասիայում, ներառեալ՝ Հայկական լեռնաշխարհը:
«Հարցի ուսումնասիրութեան ուղղութեամբ զգալի աշխատանք են կատարել նաեւ լեզուաբաններ Վ. Իվանովն ու Թամկընլիծէն. նրանք ցոյց են տուել, որ հնդեւրոպական ընդհանրութեան նախահայրենիքը եղել է Փոքր Ասիայից արեւելք ընկած տարածքում, աւելի ստոյգ՝ Հայկական լեռնաշխարհում»:
Ուրեմն՝ ոչ միայն հայոց լեզուի, այլեւ բուն իսկ հնդեւրոպական նախալեզուի մայր հայրենիքը Հայկական լեռնաշխարհը եղած է:
Բարեբախտաբար այս բոլորը հիմնաւորողներն ու հաստատողները օտար մասնագէտներն են. այլապէս «մոլեռանդութեամբ» չամբաստանուելու մտահոգութենէն մղուած՝ պիտի վարանէինք զայն մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնելու. չէ՞ որ, հայերուս համար յատկապէս, «օտար մարգարէի խօսքը» միշտ աւելի զօրեղ, աւելի լսելի եւ աւելի հաւաստի եղած է…:
Նկատի ունենալով, որ յօդուածի մը ծիրին մէջ կարելի չէ քննական-վերլուծական ընդարձակ հատուածներ եւ մանրամասնեալ հիմնաւորումներ մէջբերել, մեր հետաքրքրասէր ընթերցողները կը յղենք վերոյիշեալ մասնագէտներու ուսումնասիրութիւններուն եւ մենագրութիւններուն: Այս յօդուածաշարքով մեր հիմնական նպատակն է պարզապէս մեր պատասխանատուներուն եւ ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնել հայոց լեզուին, պատմութեան եւ մշակոյթին վերաբերող կարգ մը «նորութիւններ» եւ հարցադրումներ, որոնց «վերատեսութիւնն» ու ծանօթութիւնը կրնայ նոր լուսամուտներ ու նոր ուղիներ բանալ մեր դասատուներուն, դասախօսներուն եւ ուսանողութեան առջեւ:
(Շար. 2)