Ռուսիա Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լէյենի եռակողմ հանդիպումը կը նկատէ Հարաւային Կովկասը աշխարհաքաղաքական դիմակայութեան մէջ ներգրաւելու փորձ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս մասին հրապարակած յայտարարութեան մէջ յայտնեց, թէ Մոսկուայի համար յստակ է, որ Ուաշինկթըն եւ Պրիւքսէլ կը ձգտին հասնիլ ՀԱՊԿէն եւ ԵԱՏՄէն Հայաստանի դուրս գալուն, ռուսական ռազմակայանի եւ սահմանապահներու դուրսբերման:
Յայտարարելով, որ Արեւմուտքը կը փափաքի Հայաստանը վերածել Հարաւային Կովկասի մէջ իր «չափազանց վտանգաւոր ծրագիրներու իրականացման գործիքի»` Մոսկուա կոչ ուղղեց Երեւանին՝ թոյլ չտալու, որ Արեւմուտքը խաբէ զինք եւ երկիրը տանի սխալ ճանապարհով:
«Մենք կը հաստատենք մեր յանձնառութիւնը` համակողմանիօրէն խորացնելու եւ ընդլայնելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները երկկողմ փաստաթուղթերով եւ համաձայնագիրներով ամրագրուած սկզբունքներու հիման վրայ», շեշտեց պաշտօնական Մոսկուան:
Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով նախարարութիւնը ընդգծեց՝ Հարաւային Կովկասի մէջ թէ՛ տարածաշրջանային, թէ՛ երկկողմ բնոյթի խնդրայարոյց հարցերը պէտք է լուծուին «տարածաշրջանային պատասխանատուութեան» սկզբունքին համապատասխան, որ «համաձայնեցուած է 23 Հոկտեմբեր 2023ին, Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած «3+3» հարթակի երկրորդ հանդիպման ընթացքին»:
«Կոչ կ՛ուղղենք արտաքին խաղացողներուն՝ յարգելու այդ պայմանաւորուածութիւնները, իսկ Երեւանի իշխանութիւններուն՝ իրենց արտաքին քաղաքական գիծը կառուցելու ընթացքին նկատի ունենալու դրացի պետութիւններու մտահոգութիւնները», կ՛ըսուի Մոսկուայի յայտարարութեան մէջ: