ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Անոնք որոնք բախտն ունեցած են Օսմանեան կայսրութեան երբեմնի մայրաքաղաքն այցելելու ու անձամբ ճանչնալու հայկական Պոլիսը, կրնան վկայութիւններ տալ համայնքապատկան մեր Սուրբ Փրկիչ Ազգ. հիւանդանոցին մասին, որ թուականէս քանի մը տարի յետոյ, 2032ին, պիտի բոլորէ իր հիմնադրութեան պանծալի 200ամեակը։
Պոլսահայոց ամէնէն կարեւոր ու կեդրոնական հաստատութիւնն է ան՝ Ազգ. Պատրիարքարանէն ետք։ Հարկ է ընդգծել սակայն, որ Սուրբ Փրկիչը «Գթութեան յարկ» մը չէ միայն, այլ առողջապահական, ընկերային ու ազգային ամբողջական համալիր մը, տրուած ըլլալով որ ունի ոչ միայն ընկալեալ հիւանդասենեակներ ու վիրահատարաններ, այլեւ վաստակաւոր հայորդիներու համար «հանգստեան տուն», ծերանոցի բաժիններ, ծննդատուն (մայրանոց), թերաճ երեխաներու մասնաբաժին (2002էն), թանգարան (2004), մատենադարան (պոլսահայ մամուլի ճոխ հաւաքածոներով), մատուռ, ճեմապարտէզ եւ այլն։ Վերջին տարիներուն անիկա այնքան ուռճացած ու զարգացած է որ՝ ա՛լ պաշտօնապէս կը դասուի Իսթանպուլի առաջին տասը կատարելագործեալ ու առաջնակարգ հիւանդանոցներէն մին, ամէն տեսակ հիւանդութեանց յատուկ իր բազմաբուժարաններով (փոլիքլինիք) ու մասնագիտական արդի սպասարկութիւններով։
Ազգային այս հիւանդանոցը ունի նաեւ իր համանուն պաշտօնաթերթը՝ «Սուրբ Փրկիչ» ամսաթերթը, որ հայ երդիքներէ ներս մտնող ծիծեռնակ մըն է կարծես, որ լուրեր ու խապրիկներ կը բերէ մեզի «Գթութեան յարկ»ի շրջանակէն։
1949ին կեանքի կոչուած ամսաթերթը այս տարի կը բոլորէ իր 75ամեակը։ Բացառիկ երեւոյթ մըն է այս, քանի որ սփիւռքահայ մեր տարեգրութեանց մէջ չենք ունեցած առողջապահական բնոյթի երկրորդ պարբերական մը, որ այսքան երկարատեւ կեանք ունենար։ Ողբացեալ Շաւարշ Նարդունիի փարիզեան «Հայ Բոյժ»ն ու Պէյրութի այնքան ժողովրդական «Բժիշկ» ամսաթերթն անգամ կրցեր էին գոյատեւել հազիւ 25-30 տարի, մինչդեռ «Սուրբ Փրկիչ» ահա արդէն հասեր է իր ադամանդեայ յոբելեանին…։ Բնականաբար, հիւանդանոցը ի՛նքն է գլխաւոր նեցուկն ու դայեակը այս պարբերականին, որուն հին թիւերը լի են ոչ միայն բժշկագիտական կամ առողջապահական հանրամատչելի նիւթերով, այլեւ գիր-գրականութեան, պատմութեան ու առհասարակ հայ տոհմիկ մշակոյթին ու անոր երախտաւորներուն ձօնուած անհամար յօդուածներով, որոնք կը կազմեն շատ թանկարժէք արխիւ մը։
***
Քիչ մը պատմութիւն։
«Սուրբ Փրկիչ» ամսաթերթին երեւումէն առաջ, հիւանդանոցը կանոնաւոր հերթականութեամբ հրատարակած է ամէնամեայ ծաւալուն «Ընդարձակ Օրացոյց»ներ կամ «Տարեցոյց»ներ ու «Տարեգիրք»եր, հատորներու ձեւով։
Ասոնց հնագոյն շարքը կու գայ 1900-1910ի շրջանէն։ Եւ հակառակ մեզ այդ օրերէն բաժնող շուրջ 120 տարուան անջրպետին, այդ սպառած հին տարեցոյցները այսօ՛ր եւս հասանելի են մեզի՝ ժամանակակիցներուս, որովհետեւ ատոնք հիւանդանոցի հոգաբարձութեան գնահատելի մէկ նախաձեռնութեամբ, կաշեկազմ ու ոսկեզօծ շապիկներով, նոյնութեամբ վերատպուած են 2012ին, ի նշանաւորումն հաստատութեան 180ամեակի ուրախալի տարեդարձին։ Նորատիպ շարքը 11 հատոր է եւ իբրեւ յաւելուած ունի երկու անջատ ժողովածուներ եւս, մին հայերէն ու միւսը թրքերէն, որոնք կը պարունակեն շարքին մէջ երեւցած գրութիւններուն ցուցակներն ու անուն-տեղանուններու ցանկերը։
Այս Տարեցոյցները մանրամասնեալ տուեալներ կը հայթայթեն մեզի շրջանի օսմանեան կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, հայ աստիճանաւորներու եւ մտաւորականներու, հայկական եկեղեցիներու, դպրոցներու ու թերթերու, ինչպէս նաեւ ազգային-թեմական կառոյցներու վիճակագրութեանց մասին։
Այս շարքին մէջ, օգտակար գիտելիքներու կողքին, ակնբախ են նաեւ պատմաբանասիրական լուրջ ուսումնասիրութիւններ ալ, որոնք տուեալ հատորները կը դարձնեն անցեալի յիշատակարժան դէպքերն ու դէմքերը վերապրեցնող մէյ մէկ թանգարանի։ Հատորներէն իւրաքանչիւրը 400-500 էջէն պակաս չէ. ու կը վկայուի նաեւ, թէ անոնց տպաքանակը հասած է երբեմն մինչեւ 40-50 հազարի, սպառումի մեծ շուկայ ունենալով Արեւմտահայաստանի հայահոծ երբեմնի գաւառներուն մէջ, նաեւ՝ Ամերիկա ու Եւրոպա…։ Դարասկիզբի վերոնշեալ շարքին խմբագիրները հանդիսացեր են Հրանդ Ասատուր, տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան (Մեծ Եղեռնի նահատակներէն), Դաւիթ Խաչկոնց, Տիգրան Արփիարեան եւ Արշակ Ալպոյաճեան։
Երկրորդ շարքը հրատարակուած է 1924-1949, որ է ըսել՝ տասներեքամեայ դադարէ մը ետք։ Քառորդ դարեայ այս շրջանի տարեգիրքերը վերածուած են այլաբնոյթ ու պէսպիսուն յօդուածներու ժողովածուներու, ուր լայն պաստառի վրայ դիտարկուած կը տեսնենք յատկապէս պոլսահայոց կեանքին ինչ-ինչ երեսները, համայնագիտարանային թանկագին տուեալներով եւ օգտաշատ ծանօթութիւններով։ Այս շարքին խմբագիրներն եղած են Միհրան Չուխաճեանն ու Թորոս Ազատեանը, Արտաշէս Գալփաքճեանն ու Յովսէփ Քէշիշեանը, տոքթ. Պաղտասար Մանուէլեանը ու մա՛նաւանդ Արփիար Տէր Մարգարեանը (1932-49), բոլորն ալ մտաւորական հեղինակաւոր դէմքեր։
Ինչ կը վերաբերի ամսաթերթ «Սուրբ Փրկիչ»ին, ապա անոր Ա. թիւը լոյս կ՛ընծայուի 1949ի Սեպտեմբերին, հիւանդանոցի այդ շրջանի հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ եւ ծանօթ դաստիարակ Արփիար Տէր Մարգարեանի խմբագրութեանբ (վեց ամիս)։ Թերթը տեւաբար հրատարակուած է 32 էջով։ Այս գնացքը շարունակուած է անխափան, տարիներու սահանքին հետ ունենալով տարբեր խմբագիրներ. տոքթ. Զաքար Դարվեր (հիւանդանոցի բժշկապետերէն), Մկրտիչ Հաճեան (արուեստի քննադատ ու բանաստեղծ, յետոյ գաղթած Մեքսիքա), Հերմինէ Սինանեան (բնիկ պարտիզակցի, «Դար» եւ «Նոր Դար» գրական հանդէսներու հրատարակիչ), Կարպիս Ե. Մուրատեան (1964-80, պոլսահայ մամուլի երկարամեայ թղթակից ու քրոնիկագիր) եւ Մաքրուհի Պ. Յակոբեան (հայերէնաւանդ նախկին ուսուցչուհի ու յետոյ «Մարմարա» օրաթերթի վաստակաշատ փոխխմբագիր, որ շուրջ 35 տարի, 1980էն սկսեալ, նուիրումով ու ձեռնհասօրէն պիտի վարէր ամսաթերթը, անոր անունը զուգորդելով ի՛ր անունին)։
***
Բնակարանիս մէջ, կողմնակի փոքր գրադարանի մը ամբողջ մէկ յարկը լեցուն է «Սուրբ Փրկիչ» ամսաթերթի հին թիւերով։ Ասոնք կու գան 80ական եւ 90ական թուականներէն ու կ՛երկարին մինչեւ 2010ականներ։
Առաջին անգամ ե՞րբ էր որ ծանօթացեր էի այս ամսաթերթին։
80ականներուն էր։ Դեռ Ճեմարանի միջնակարգի աշակերտ, դպրոցէն տուն վերադարձի իմ ճամբուն վրայ՝ ուշադրութիւնս գրաւեր էին շրջանակեալ կաս-կարմիր կողքով ու «Սուրբ Փրկիչ» վերտառութեամբ պարբերաթերթերու ահագին տրցակներ, որոնք մայթին վրայ դիզուած էին անփութօրէն, արաբ հնավաճառ-թղթավաճառի մը խանութին առջեւ։ Յայտնապէս, մէկը քիլոյով ծախեր կամ ուղղակի փողոց թափեր էր զանոնք…։ Ծռեցայ ու վերցուցի քանի մը թիւ։ Արագօրէն դարձուցի անոնց դեղնաւուն էջերը։ Հայերէն տառերը առինքնեցին զիս։ Ստուգեցի, որ թերթը կը տպուէր Պոլիս եւ թէ՝ հայկական հիւանդանոցի մը պաշտօնական տեղեկատուն էր անիկա։ 8-10 թիւ գնեցի չնչին վճարումով մը ու գոհունակ տուն դարձայ՝ պարապոյ ժամերուս ընթերցումի յարմար ատաղձ ապահոված ըլլալու երջանկութեամբ…։
Սիրած էի այս պարզունակ թերթը։ Հոն տողանցող հայ բժիշկներու անունները, տպուած գրական ու թարգմանական էջերը կ՛ոգեւորէին զիս։
Տարի մը չէր անցած՝ երբ միջոցը գտայ ուղղակի բաժանորդագրուելու «Սուրբ Փրկիչ»ին։ Ա՛լ անիկա ամէն ամիս, կարգապահօրէն, կը թռչէր Վոսփորի գեղածիծաղ ափերէն դէպի երազային Հալէպ, կը թակէր մեր տան դուռը ու թարմ շունչով կու գար հանգչիլ իմ աշխատասեղանին վրայ…։ Այսպէ՛ս է որ կուտակուեցան «Սուրբ Փրկիչ»ի թիւերը իմ գրադարանին մէջ։
***
Այսօր, ահաւասիկ, թերթին 75ամեակին առթիւ, կրկին ձեռք կ՛առնեմ այդ թիւերը, կը թղթատեմ, պատկերները կը դիտեմ, հոսկէ-հոնկէ կ՛ընթերցեմ հատուածներ, որոնցմէ ոմանք,-ո՜վ զարմանք, – յիշողութիւններ կ՛արծարծեն իմ ուղեղին մէջ։
Նախ, ուշադրութիւնս կը գրաւէ «Սուրբ Փրկիչ»ի այն միակ թիւը, որ բաղդատաբար իմ ունեցած հաւաքածոյին, կու գայ աւելի հին շրջաններէ։ Թուական՝ 1959 Սեպտեմբեր։ Հերմինէ Սինանեանի խմբագրութեան շրջանն է այս։
– Աստուած իմ, որքա՜ն բովանդակալից ու հարուստ թիւ մըն է այս։ Բժշկագիտական կատարեալ ուղեցոյց մը,- կը մտմտամ ես ինծի։ Յետոյ կը մտածեմ, թէ այսօր, 2020ական թուականներուն, հայերէն լեզուի թաւագլոր անկումի այս օրերուն, ո՞վ պիտի համարձակէր այսպիսի թերթ մը խմբագրել, բժշկական յօդուածներ գրելու ատակ աշխատակիցներ գտնել…։ Չկա՛ն, չկա՛ն, չկա՛ն։
Ահա կ՛արտագրեմ այդ միակ թիւին յօդուածներուն վերնագրերը։ Կարդացէ՛ք։
«Անդիմադրելի քունը», «Կարեւոր գիւտեր քիմիական դարմանումի ճամբուն մէջ», «Որո՞նք են խլիրդի (քանսէր) սովորական ախտանշանները», «Խրատներ յիսունը անցած մարդոց», «Սննդականոնի հարցը զանազան հիւանդութիւններու մէջ», «E կենսանիւթը կ՛արգիլէ կարճատեսութիւնը», «A կենսանիւթը հրաշքներ կը գործէ», «Ինչո՞ւ կը յօրանջենք», «Արեան շաքարը կը չափեն», «Ինչպէ՞ս պէտք է ապրին անոնք որ տկար երիկամներ ունին», «Ինչպէ՞ս պէտք է ապրի յղի կինը», «Պնդութիւնը հետեւանք է շատակերութեան», «Յուզումները կը խանգարեն մարմնին ներքին հաւասարակշռութիւնը», «Արգանդի ուռը», «Դեղնախտի երկու տեսակներ», «Մարսողութեան ժամանակացոյցը», «Հսկենք տղոց առողջութեան (վերամուտի առթիւ)»…։
Հիմա ալ կը սկսիմ մի առ մի թերթատել ամսաթերթին 80ականներու թիւերը, որոնց բաժանորդ էի ես։ Անմիջապէս կը նշմարեմ, որ անոնք կը կրեն տոհմաշունչ ու գրականաշունչ իւրայատուկ դրոշմ մը, որ անպայման արդիւնքն էր Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի հոգածու խմբագրութեան ու ճաշակին։
Օ՜, ես որքան հաճոյքով կը կարդայի Մաքրուհիին խմբագրականներն ու շահեկան հարցազրոյցները՝ հիւանդանոցի հայ բժիշկներէն եւ մնայուն բնակիչներէն ոմանց հետ։
Այդ շրջանին է որ բացառիկ թիւ մը նուիրուեցաւ հիւանդանոցի 150ամեակին (1982 Ապրիլ-Մայիս, 144 էջ), պատմական ու այժմէական ինչ-ինչ տեղեկութիւններու մէկտեղումով։ Կ՛ենթադրեմ որ այդ «Բացառիկ»ը կարեւոր թթխմոր մը դարձաւ հետագային՝ պատրաստելու համար թէ՛ հիւանդանոցի 160ամեակի յուշամատեանը (զոր պատրաստեց Վարուժան Քէօսէեան, 1994), թէ՛ ալ թրքերէնով տպուած այն կոթողային ու ծանրածանր փառաւոր մատեանը, որ կը կոչուէր Osmanli saglik hizmetlerinde ermeniler ve Surp Pirgic Ermeni Hastanesi tarihi (2001) եւ զոր պատրաստեց Արսէն Եարման։
Ի դէպ, Եարման, որ պատմագիտական նիւթերու անձանձրոյթ հետազօտիչ մըն է, 90ականներու վերջերը միանալով «Սուրբ Փրկիչ»ի խմբագրութեան՝ հետամուտ եղաւ անոր էջերը յորդեցնելու մօտիկ անցեալի հայ պատմութեան ձօնուած ինչ-ինչ գրութիւններով եւ հազուագիւտ լուսանկարներով, որոնք նորովի շունչ մը կը բերէին պարբերաթերթին։ Զորօրինակ, թիւ մը նուիրուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանին եւ Կիւլպէնկեան գերդաստանին, թիւ մը՝ Պոլսոյ եւ Անատոլուի երբեմնի հայ դեղագործներուն, թիւ մը՝ հիւանդանոցի հին տարեցոյցներու էջերուն փռուած հայերէն ծանուցումներուն…։
***
Ի՞նչ վիճակ կը պարզէ «Սուրբ Փրկիչ» ներկայիս։
Ցաւով պիտի մատնանշենք որ 75ամեայ ամսաթերթը այսօր կ՛ապրի իսկական հոգեվարք մը։ Մեզի կը թուի թէ ան կայ ու չկայ…։
Վերջին սա տասը տարիներուն «Սուրբ Փրկիչ» իր աւանդական դիմագիծը փոխեր էր արդէն ամբողջովին։ «Արդիական» էր դարձեր։ Նախ՝ ամսաթերթը վերածուեր էր երկամսեայի, յետոյ՝ անիկա սկսեր էր հրատարակուիլ փայլուն ու սղագին թուղթով, իր էջերը լեցնելով գունաւոր լուսանկարներու անվերջանալի տողանցքով…։ Եւրոպական «մակազին» մըն էր ան այլեւս։ էջաթիւը սովորաբար կ՛անցնէր 200ը, 220ը։ Բայց ամէնէն էական փոփոխութիւնը կը վերաբերէր լեզուին։ Պարբերաթերթին էջերուն վրայ հայոց լեզուն այլեւս կը գրաւէր սահմանափակ տարածք մը, չնչին տեղ մը։ Փոխարէնը՝ տեղակա՛ն լեզուն էր որ կը գերիշխէր, կը տիրապետէր…։ Այս երեւոյթը հարազատ ցոլացումն էր պոլսահայ մեր համայնքին ապրած լեզուական տխո՜ւր նահանջին…։ Վաստակաւոր խմբագիր Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի շրջանն ալ կ՛աւարտէր զուգահեռաբար…։
Կ՛ըսուի, թէ 2-3 տարիէ ի վեր պարբերաթերթը լոյս չի տեսներ արդէն։
Չենք ուզեր հաւատալ, որ նիւթական այնքան մեծղի ծրագրեր իրականացնող հայոց հիւանդանոցը կրնայ անփութօրէն պատմութեան գիրկը նետել իր հռչակաւոր ու սիրելի ամսաթերթը։ Ո՛չ։
75ամեակը սքանչելի առիթ մըն է ահա, որ մեր «Գթութեան յարկ»ին յարգարժան հոգաբարձուները անյապաղ վերականգնեն «Սուրբ Փրկիչ»ը, զայն դնեն իր աւանդական գիծին վրայ (հեռու՝ արտակարգ շռայլանքէ ու փայլքէ), պահպանեն անոր հայագիր եւ հայաբարբառ նկարագիրը ու հիւանդանոցին յաղթական երթին անբաժանելի ուղեկիցը դարձնեն զայն, իբրեւ կանոնաւոր ամսաթերթ։
Հալէպ