Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր, անդրադառնալով վերջին օրերուն սահմանին եւ հայկական բնակավայրերու ուղղութեամբ բացուած կրակին՝ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն յստակօրէն յայտնած է, թէ` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման ուղին սեղանի շուրջ բանակցութիւններն են, եւ Միացեալ Նահանգները մնայուն կերպով ողջունած է երկխօսութիւնը։
Ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ հաստատուած կապերուն ընդմէջէն անոնց հասկցուցած է, որ երկու կողմերուն միջեւ պէտք է երկխօսութիւն ըլլայ։
Ըստ Միլըրի` Ամերիկա պատրաստ է որեւէ դեր խաղալու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը դիւրացնելու համար եւ պիտի շարունակէ այդպէս ընել: