Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի հայութիւնը գեղարուեստական բարձր մակարդակի մշակութային ձեռնարկի մը վայելքի առիթի ունեցաւ Շաբաթ, Յունիս 30ի երեկոյան, Սան Ֆրանսիսքոյի «Palace of Fine Arts»ի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ 800է աւելի հանդիսականներու, որ հազուադէպ պարագայ մըն է Սան Ֆրասիսքոյի հայութեան համար:
Գեղարուեստական երեկոյթը կազմակերպուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի՝ Ծովածոցի Սան Ֆրանսիսքոյի, Սանթա Քլարայի «Անի» եւ Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» մասնաճիւղերու կողմէ եւ գործակցութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի «Համազգային»ի «Աղբալեան» մասնաճիւղի:
Երեկոյթին ներկայ էին շրջանիս եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը, Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր» կոմիտէութեան, «Համազգային»ի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, ՀՕՄի ու յարակից միութիւններու ներկայացուցիչները եւ ժողովրդային հոծ բազմութիւն մը: Նաեւ, թէեւ փոքրաթիւ, սակայն քաջալերելի ներկայութիւն մը կար օտարներու, ինչպէս՝ ճափոնցիներ, չինացիներ, իրանցիներ, յոյներ ու ասորիներ:
Բացման խօսքը կատարեց ու հանդիսութիւնը վարեց Կրէյս Անտոնեան: Ան նախ հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի արի-արենոյշները՝ կատարելու դրօշակի արարողութիւնը, որուն յաջորդեցին ամերիկեան ու հայկական քայլերգները՝ երգեցողութեամբ Ռազմիկ Մանսուրեանի: Ապա հանդիսավարըը հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը նորոգ հանգուցեալ, Հ.Մ.-Ը.Մ.ի վաստակաշատ անդամ ու Կեդրոնական վարչութեան երկարամեայ նախկին ատենապետ տոքթ. Միսաք Արզումանեանի:
Երեկոյթի ծրագիրը կը բաղկանար խնամքով ընտրուած 16 պարեղանակներէ, գլխաւորաբար հիմնուած Հ. Աւետիսեանի ու ժողովրդային երաժշտութիւններու վրայ, բացի մէկ եղանակէ՝ Սայեաթ Նովայի «Քանի վուր ջանիմ»ը, եւ 8ը ժողովրդային երգերէ՝ մեկնաբանութեամբ յանրայայտ երգիչ ու դերասան Ռազմիկ Մանսուրեանի: Յայտագրին առաջին բաժինը սկսաւ յաջորդական երկու պարերով՝ «Բերդ» ու «Քարաւան», որուն հետեւեցաւ սիրուած երգիչ պարիթոն Ռազմիկ Մանսուրեան, մեկնաբանելով Ա. Լուսիկեանի ստեղծագործութիւններէն «Տուն արի»ն: Այս կարճ ժամանակաշրջանի ընթացքին արդէն բեմի ու հադիսատեսի միջեւ ջերմիկ մթնոլորտը ու հոգեկան կապը հաստատուած էր: Ապա յայտագիրը շարունակուեցաւ մէջընդմէջ պարերով, մենապարերով ու Ռ. Մանսուրեանի հմայիչ երգերով՝ վերացնելով ներկաները: Նաեւ յայտագիրը համեմուած էր կարգ մը ոչ հայկական պարերով, որոնք նոյնպէս արժանացան ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն, որոնցմէ կ’արժէ յիշատակել հին Թիֆլիսի պատկերներէն «Կինտոներու պար»ը, «Սպանական» պարը, «Պուլկարական»ը եւ այլն:
Կ’արժէր առանձնաբար անդրադառնալ իւրաքանչիւր պարին ու մենապարողներուն, գեղեցիկ ու բարձր ճաշակով պատրաստուած հագուստներուն ու ըստ այնմ տալ գնահատականը, բայց ընդհանուր առումով գնահատականս պիտի յայտնեմ բոլոր պարողներուն՝ տղոց, աղջիկներուն, մենապարողներուն ու երգիչին, որոնք երկար ու երկար ժամեր յատկացուցած են փորձեր կատարելով՝ վառ պահելու համար հայկական պարերն ու երգերը: Կեցցէք, տղաք ու աղջիկներ, վարձքերնիդ կատար: Սան Ֆրանսիսքոյի հայութիւնը այս բարձր մակարդակի ու որակի հայկական պարերն ու երգերը ըմբոշխնելու ծարաւն ունէր:
Այս առիթով, կ’ուզեմ առ ի գնահատանք իրենց ազգանուէր ծառայութեան, հակիրճ կերպով ներկայացնել այն անհատները, երկու արուեստագէտները, որոնց յարատեւ աշխատանքով ու մեծ ջանքերով կարելի դարձած է իրականացնել նման հրաշալի գործ մը:
«Վանուշ Խանամիրեան» պարի դպրոցի գեղարուեստական ղեկավար Սամուէլ Նազարեան իր պարային դասընթացքները սկսած է վեց տարեկանին: Հետագայ տարիներուն ան աշակերտած է հանրայայտ պարուսոյցներու, ինչպիսիք են Վիլէն Գալստեան եւ ուրիշներ: Որոշ հանգրուաններէ ետք ան կ’ընդունուի Հայաստանի պարի պետական համոյթը՝ Վանուշ Խանամիրեանի ղեկավարութեան ներքոյ: 1991ին կը հաստատուի Կլէնտէյլ քաղաքը: Ան որպէս գործին նուիրուած ու պրպտող արուեստագէտ, իր մասնագիտական գիտելիքները հայ մատղաշ սերունդին փոխանցելու նպատակաւ, 1992ին կը հիմնէ պարի դպրոց մը, զայն անուանակոչելով իր պարի ուսուցչին՝ Վանուշ Խանամիրեանի անունով: 1994ին կը ստեղծուի դպրոցի երկրորդ մասնաճիւղը Նորթ Հոլիվուտի մէջ, այս անգամ իր հետ ունենալով պարի պետական համոյթի սաներէն Զառա Կուլակչեանը: Զ. Կուլակչեանը Լոս Անճելըսի հայ պարարուեստի ինքնատիպ ներկայացուցիչներէն մէկն է: Ան իր պարային ուսումը սկսած է վաղ հասակէն, Երեւանի մէջ: 1994ին Լոս Անճելըս փոխադրուելէն ետք, Սամուէլ Նազարեանի ընկերակցութեամբ կը նախաձեռնէ Վանուշ Խանամիրեանի անուան պարի դպրոցին, ուր ան կը շարունակէ ծառայել հայ պարարուեստին իր բացառիկ եւ ուրույն պարային ստեղծագործութիւններով: Ահաւասիկ տիպար զոյգ մը, որ հրաշքներ կը գործէ հայ պարարուեստի անդաստանէն ներս 15 տարիներէ ի վեր:
Հանդիսութեան աւարտին յուշատախտակներ եւ ծաղկեփունջեր նուիրուցան արուստագէտներուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ «Համազգային»ի վարչութիւններուն կողմէ, ապա «Վանուշ Խանամիրեան» պարախումբին կողմէ դպրոցին նշանաբանը խորհրդանշող յուշանուէր մը յանձնուեցաւ ձեռնարկին կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Սագօ Շիրիքեանին:
Ժողովուրդը բաժնուեցան սրահէն ուրախ ու հաճելի տրմադրութեամբ: