Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) բոլոր պատուիրակութիւնները, որոնք մասնակցեցան Մինսքի մէջ տեղի ունեցած արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, գիտակցեցան, որ Միացեալ Նահանգները եւ անոր արբանեակները կը փորձեն ներխուժել ԱՊՀի ընդհանուր տարածքի բոլոր շրջանները։ 12 Ապրիլին, ժողովին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասին՝ ըսելով, թէ Միացեալ Նահանգները եւ արեւմտեան միւս երկիրները կը փորձեն խարխլել հոն իրավիճակի կայունացման պայմանաւորուածութիւնները:
«Անոնք չենք ուզեր թոյլ տալ, որ իրականացուին այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ` Ռուսիոյ աջակցութեամբ: Անոնք նաեւ շատ աշխոյժ կերպով կը փորձեն ներթափանցել Կեդրոնական Ասիա եւ կը ստեղծեն տարբեր ձեւաչափեր, որոնք բացայայտօրէն ուղղուած են Ռուսիոյ դէմ: Անոնք հրապարակաւ կ՛ըսեն, թէ պէտք է ապահովեն երկիրներու իրական ինքնիշխանութիւնը յետ-խորհրդային տարածքին մէջ, որպէսզի անոնք դուրս գան Ռուսիոյ շուքին տակէն, նոյն գործելակերպը կ՛ընթանայ Մոլտովայի եւ բազմաթիւ այլ շրջաններու վերաբերեալ», ըսաւ Լաւրով:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Ռուսիոյ գործընկերները հաւատարիմ են համագործակցութեան սկզբունքներուն: «Արեւմուտքի հսկայական ճնշումին տակ, մեր դաշնակիցները, մեր ռազմավարական գործընկերները հաւատարիմ կը մնան բոլոր առանցքային սկզբունքներուն, որոնց վրայ հիմնուած է փոխգործակցութիւնը ԱՊՀի, ՀԱՊԿի եւ ԵԱՏՄի, Համագործակցութեան Շանկհայի կազմակերպութեան ծիրին մէջ», ըսաւ Լաւրով:
Ան յայտնեց թէ, ինք վստահ է, որ ռազմավարական առումով «այդ արեւմտեան գիծը դատապարտուած է ձախողութեան»:
Նշենք, որ Հայաստանէն Մինսքի ժողովին կը մասնակցէր արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան: