Հայաստանի Ընդհանուր հրամանատարութեան ներկայացուցիչները չմասնակցեցան Ռուսիոյ զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար, զօր. Վալերի Կերասիմովի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ պետութիւններու ռազմական համագործակցութեան զարգացման հարցերու գծով ռազմական խորհուրդի 23րդ նիստին:
Այս մասին կ՛ըսուի Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպման մասնակցեցան Ռուսիոյ, Պելոռուսի, Ղազախստանի, Խըրխզիստանի եւ Տաճիկիստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան պատուիրակութիւնները, ինչպէս նաեւ Միացեալ շտաբի եւ ՀԱՊԿի քարտուղարութեան ներկայացուցիչներ:
Հանդիպումին ընթացքին, կողմերը վերլուծեցին ՀԱՊԿի պատասխանատուութեան ոլորտին մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակը, անդամ երկիրներուն դիմագրաւած սպառնալիքները եւ ապահովական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ նախանշուեցան ռազմական ոլորտին մէջ հետագայ փոխգործակցութեան ուղիները:
«Մենք պայմանաւորուեցանք շարունակել աշխատանքը սպառնալիքները չէզոքացնելու եւ կազմակերպութեան ռազմական ներուժը բարելաւելու ուղղութեամբ», ըսաւ Կերասիմով: