
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԻՆ ՄԷՋ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԱՐՏ Է
Իրան Շաբաթ գիշեր, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, ուղղակի յարձակում մը գործեց Իսրայէլի վրայ` հակադարձելով Դամասկոսի մէջ իր հիւպատոսարանին վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին, որ պատճառած էր 7 զոհեր, ներառեալ՝ Յեղափոխական պահակագունդի Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ հրամանատարը: Յարձակումը տեւեց շուրջ 5 ժամ:
Իրան յայտնեց, որ Իսրայէլի ուղղութեամբ իր արձակած հրթիռներուն կէսը յաջողութեամբ հարուածած է իր թիրախները, սակայն իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Իսրայէլի դէմ արձակուած անօդաչու թռչող սարքերուն եւ հրթիռներուն 99 առ հարիւրը վնասազերծած է:
Իրան «Խայպար» հրթիռներով հարուածեց Նեկեւի մէջ իսրայէլեան օդուժի ռազմակայանը, ուրկէ շղթայազերծուած է Դամասկոսի մէջ իրանեան հիւպատոսարանին վրայ կատարուած յարձակումը:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը հաղորդեց, թէ նշեալ ռազմակայանը նիւթական վնասներ կրած է։
«Մեր յարձակումը աւարտեցաւ: Չենք ուզեր զայն շարունակել, սակայն ուժգին կերպով պիտի հակադարձենք, եթէ Իսրայէլ մեր շահերը թիրախ դարձնէ: Մեր յարձակումը իսրայէլեան զինուորական կարեւոր դիրքեր քանդեց», Կիրակի օր յայտնեց Իրանի բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մոհամետ Պաքիրի:
«Հարցը կրնանք աւարտած նկատել, եւ եթէ Իսրայէլ այլ սխալ մը գործէ, մեր հակադարձութիւնը աւելի սուր պիտի ըլլայ», յայտարարեց ՄԱԿի մօտ Իրանի ներկայացուցչութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ հակադարձելով դատապարտումի արեւմտեան ալիքին՝ իր մօտ կանչած է Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ դեսպանները եւ դատապարտած «Լոնտոնի, Փարիզի եւ Պերլինի Իսրայէլի մեր ներկայացուցչութեան վրայ կատարած յարձակումին եւ անոր մեր օրինական հակադարձութեան նկատմամբ երկիմաստ կեցուածքները»:
Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ Իսրայէլի դէմ առաւել քան 300 «զանազան սպառնալիքներ», ներառեալ՝ հեռահաս հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր արձակուած են:
Ըստ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթին՝ Իսրայէլի օդային տարածքին մէջ հրթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու վնասազերծման գինը անցաւ մէկ միլիառ տոլարը:
Ամերիկա եւ Յորդանան եւս մասնակից դարձան դէպի Իսրայէլ արձակուած իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու վնասազերծման աշխատանքին:
Իրանեան աղբիւր մը յայտնեց «Ֆարս»ին «Յորդանանը կրնայ յաջորդ թիրախը դառնալ, եթէ ի նպաստ Իսրայէլի գործէ», իրանեան աղբիւր մը յայտնեց «Ֆարս»ին:
«Շրջանային դաշինք մը պիտի կազմենք, եւ Իրանին մեզի յարմար ձեւով եւ ժամկէտին սուղ գին վճարել պիտի տանք: Իրանի յարձակումի Թեհրանէն եկող սպառնալիքին դէմ դաշինք ստեղծելու առիթն է», ըսաւ Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի անդամ Պենի Կանց:
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԻՆ ՄԷՋ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՆԴԱՐՏ Է
Երուսաղէմի հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ հայր Տիրան Յակոբեան 14 Ապրիլի առաւօտեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրառում մը զետեղելով՝ հաղորդեց հետեւեալը. «Երուսաղէմի հայկական թաղին մէջ կացութիւնը հանդարտ է. զոհեր կամ վիրաւորներ չունինք։ Մենք ապահով ենք։ Կ՛երթանք Սուրբ Յարութեան տաճարը՝ պատարագ մատուցելու եւ աղօթելու»