ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
ՀՕՄը իր հիմնադրութեան օրէն իր նպատակներուն մէջ առաջնահերթ տեղ տուած է հայեցի դաստիարակութեան՝ հաւատալով հայ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին հայեցի կրթութիւն ջամբելու անհրաժեշտութեան: Ճիշդ այդ նպատակով հիմնադրուած են ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարանները, որոնք կը գործեն անխափան՝ կերտելու վաղուան հայրենասէր հայ մարդը:
Շաբաթ, 6 Ապրիլի առաւօտեան, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահը կը խայտար՝ հիւրընկալելով ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հովանաւորած շաբաթօրեայ վարժարաններու առաւել քան աշակերտները, ուսուցիչներ, տնօրէններ եւ ծնողներ, ՀՕՄի Շրջանային վարչութենէն ներկայացուցիչ ընկերուհիներ, ՀՕՄի մասնաճիւղերու վարչական ընկերուհիներ եւ Շաբաթօրեայ վարժարաններու Խնամակալ մարմնի կազմը:
Արդարեւ, ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարաններու Խնամակալ մարմինը այս տարեշրջանին եւս իրականացուց աւանդութեան վերածուած Շաբաթօրեայ վարժարաններու միացեալ հանդէսը, ուր իւրաքանչիւր վարժարան ներկայացաւ յատուկ ծրագիրով մը, որոնց ամբողջութիւնը հայ մշակոյթի գոհարներէն կազմուած ծաղկեփունջ մըն էր, ձօնուած՝ ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն:
Հանդիսութիւնը իր պաշտօնական ընթացքը առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՕՄի հիմներու կատարողութեամբ, որուն յաջորդեց Խնամակալ մարմնի ատենապետուհի Սոնա Մատարեանի բացման խօսքը. ընկերուհին իր խօսքին մէջ, նախ արժեւորեց հայ դպրոցի առանցքային դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, ապա ան գնահատեց ծնողները, ուսուցիչները եւ աշակերտները, որոնք իրենց արձակուրդի օրը նուիրեցին հայ լեզուին, մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան ուսուցման՝ հաւատալով հայեցի դաստիարակութեան եւ ազգային կրթութեան։
Օրուան հանդիսավարը՝ Խնամակալ մարմնէն Լինտա Գանտիլեան, բեմ հրաւիրեց ներկայ բոլոր աշակերտները եւ միաժամանակ մեկնաբանեց ներկայացուած աշխատանքները եւ մանուկներուն տուած պատգամները:
Բեմ բարձրացան բոլոր ներկայ աշակերտները եւ գեղեցկօրէն արտասանեցին ու երգեցին, դրսեւորելով՝ բծախնդիր աշխատանք, լուրջ մօտեցում ծրագրին եւ յարգանք հայոց լեզուին եւ մշակոյթին:
Այս տարուան հանդիսութիւնը, ինչպէս միշտ, բծախնդրօրէն կազմակերպուած էր, իսկ անոր հիւրընկալութիւնը ստանձնած էր «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութիւնը։ Խնամակալ մարմինի իւրաքանչիւր ընկերուհի ստանձնած էր զիրար ամբողջացնող զանազան աշխատանքներ՝ կիզակէտ ունենալով հանդէսին յաջողութիւնը։ Ձայնային գործիքներու աշխատանքը հմտութեամբ կը վարէր ընկերուհի Վարդապետեան:
Ներկաները երկու ժամ վայելք ապրեցան. ծնողները վայելեցին իրենց զաւակները, մեծ ծնողները՝ իրենց թոռները, ուսուցիչները՝ իրենց աշակերտները։ Բոլորը գոհունակութեամբ վայելեցին մանկական շրթներէն հնչող աննման մեսրոպեան տառերը, որոնց ետին թագնուած հերոս ուսուցիչներու ծանր եւ անձնուրաց աշխատանքը ակներեւ էր:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Անուշ Չալեանի փակման խօսքով. ընկերուհին անգամ մը եւս հաստատեց կենսականութիւնը Շաբաթօրեայ վարժարաններու մարդակերտման վսեմ աշխատանքին, որ գրաւականն է հզօր հայրենիքին:
Վստահ եմ, որ ՀՕՄի հիմնադիրներու հոգիներն ալ կը խայտային այդ առաւօտ, ի տես ամերիկածին հայ մանուկներու խոյանքին եւ հաւատքին:
ՀՕՄը իր առաքելութեան մէջ յաջողած էր, ՀՕՄի նպատակը իրականացած էր՝ «Դաստիարակել հայ մանուկը եւ պատանին հայեցի կրթութեամբ»