ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Միտիա».- Երէկ, Օգոստոս 24ին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Անգլիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Հայաստան ժամանած Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ Սթիֆըն Փաունտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակին:
Բրիտանական խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կոչ ուղղած Փաունտ, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի յուշամատեանին մէջ հետեւեալ գրութիւնը արձանագրեց. «Ես տպաւորուած եմ. թող աշխարհը ճանաչի Հայերի Ցեղասպանութիւնը, որպէսզի այսպիսի ոճիր մարդկութեան դէմ երբեք չկրկնուի»:
Նշենք, որ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի պատգամաւորը Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի, իսկ Արցախի մէջ՝ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանի, ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ա. Մոսիյեանի եւ այլ գործիչներու հետ: