Քանի մը տարիէն, ամբողջ դար մը անցած պիտի ըլլայ այն պատմաշրջանէն ի վեր, երբ մարդկային քաղաքակրթութեան տրամաբանական հոլովոյթը, աննախատեսելի ու յաճախ անմեկնելի թուացող առճակատումներու յառաջացուցած ողբերգական տեղաշարժերով, շեղեցաւ իր հունէն։
Ինչպէս գիտենք, հայոց Եղեռնէն հինգ տարի ետք, ներկայ թուականէն 87 տարիներ առաջ ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրէն ետք, բազմազան, այսպէս կոչուած համաձայնագիրներ ու դաշնագիրներ, հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչներու ակամայ ստորագրութեամբ, եւ կամ անոնց բացակայութեան (ինչպիսին էր Լօզանի ամօթալի վաւերաթուղթը) եկան խանգարելու ամբողջ աշխարհամասի մը պատմութեան բնականոն ընթացքը։
Արդարեւ, Սեւրի դաշնագրի անտեսումով է, որ կը սկսի Արեւելեան Անատոլուի-Արեւմտահայաստանի, հարաւային Կովկասի, Միջագետքի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ներկայ ողբալի եւ օր ըստ օրէ աւելի պայթուցիկ վիճակը։ Այդ վիճակին միա՛կ դարմանը պէտք է փնտռել այդ նո՛յն Սեւրի դաշնագրի յօդուածներուն մէջ՝ որոնց ստորեւ, առ յաւէտ դրօշմուած կը մնայ, այլոց կարգին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Աւետիս Ահարոնեանի ստորագրութիւնը։ Եւ ահա, 87 տարիներ ետք, կու գանք վերահաստատելու այն պարտամուրհա՛կը, որ նորագոյն պատմութեան աւանդած դասերով, այսօր կը ներկայանայ որպէս անժամանցելի եւ անշրջանցելի։
Ապերախտ ու յաճախ տաժանելի եղաւ հայոց ճակատագիրը այդ ժամանակաշրջանի ընթացքին։ Պատմական հոլովոյթները (իրենց ողբերգական թէ ուրախառիթ թուականներով), որոնք հասցուցած են մեզ մեր ներկայ իրավիճակին, յայտնի են բոլորիս։ Հարկ է այժմ անդրադառնալ այդ թուականներուն իսկակա՛ն պարունակին ու տարողութեան, լաւագոյնս կարենալ արժեւորելու համար անոնց ազդեցութիւնը մեր ներկային ու ապագային վրայ։
Հայ անկախ պետականութեան վերականգնումէն ու Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրութենէն շուրջ մէկ ու կէս տասնամեակ ետք, աշխարհացրիւ իր Սփիւռքին ու նեղ սահմաններով, տնտեսական պաշարման ենթակայ իր պետութեան հողամասին վրայ իր գոյութիւնը պահող հայ ժողովուրդը, իր ներկայ աշխարհատարած իրավիճակով, այսօր կը թուի շեղեցուցած ըլլալ իր ուշքն ու հայեացքը համահայկակա՛ն իր ապագայի տեսլականէն։ Կը թուի մէկ կողմ դրած ըլլալ համազգային այն խոյեանքը՝ առանց որուն դժուար թէ կարելի պիտի ըլլայ իր յաջող լրումին հասցնել արցախեա՛ն գոյամարտի քաղաքական լուծումը, որ հիմնուած էր ու հիմնուած է այսօր անխախտ այն հաւատքին վրայ, թէ հայը ի՛նք պիտի որոշէ իր պատմական հայրենիքի ազատութեան սահմանները։
Մեր խօսքը կենսական նշանակութիւն ունեցող համահայկակա՛ն իրաւունքներու վերահաստատման կը վերաբերի։ Օգոստոս 10, 1920ին ստորագրուած Սեւրի միջազգային դաշնագրով օրինականացած հայ ժողովուրդի անշրջանցելի իրաւունքներուն եւ այդ իրաւունքներուն ի խնդիր՝ վերանորոգ պահանջատիրութեան մը մասին է։
Համամարդկային իրաւունքներու վրայ հիմնուած պահանջատիրութիւն մը, որ ներկայ քաղաքական ու դիւանագիտական անհանդարտ, այլեւ նորութիւններով յղի մթնոլորտին մէջ, վերանորոգ վերլուծումի ու մարտավարական այժմէական ու գործնական մօտեցումներու կը կարօտի։ Միաժամանակ, ինչպէս ըսինք, կը կարօտի մեր նորագոյն պատմութեան ճակատագրական եղելութիւնները նշող թուականներու ճշգրի՛տ ըմբռնումին ու արժեւորումին։
Մեծ մասամբ տարացրիւ, օրէ օր աւելի շիկացող այս երկրագունդի տարածքին, ամէ՛ն տարի, անշեղ ճշդապահութեամբ, Ապրիլ ամսու 24ին, Մայիս ամսու 28ին, ազգովին կը յուշատօնենք եւ կը տօնակատարենք անցեալ դարաշրջանի մեր պատմութեան ընթացքին համահայկական նշանակութիւն ստացած այդ թուականները։ Սովետական Միութեան փլուզումէն ասդին, այս երկու նշանակալից օրերուն վրայ աւելցած է երրորդ մը՝ Սեպտեմբերի 21ը, Հայաստանի վերանկախացման եւ Գ. Հանրապետութեան հաստատման պաշտօնական տարեդարձը։
Առաջին թուականը (Ապրիլ ամսու 24ը) ձեռնթափ խնդրանքի մը աղէտալի հետեւանքին տարեդարձն է։ Գերեալ ժողովուրդի մը Խնդրանքը՝ ուղղուած արիւնարբու իշխանութեանց ղեկավարներուն, որ կայսերական իրերամերժ սահմաններու պարտադրանքներուն ենթակայ, երկփեղկուած հայ ժողովուրդին թոյլ տրուէր (որպէս երկու հակամարտ կայսրութիւններու պարտաճանաչ հպատակներ) հաւատարմօրէն ծառայելու իրենց փատիշահին ու ցարին՝ ըստ իրենց զիրար հակադրող հպատակութեանց պարտադրանքներուն։ Այս «օրինապահ» ու միանգամայն, տուեալ պայմաններուն տակ, անիրագործելի քաղաքականութեան արդիւնքը եղաւ այ՛ն, որ իր ազատագրական շարժումը կիսատ թողած ու զինաթափ եղած հայ ժողովուրդը «օրինապահութեան» սեղանին զոհաբերեց իր համրանքին կէսը եւ իր պատմական հայրենի տարածքներուն աւելի քան երեք քառորդը։
Արեւմտահայութեան ղեկավար տարրերէն նշանակելի թիւ մը (հոգեպէս ու ֆիզիքապէս պարտասած Օսմանեան կայսրութեան «բարենորոգման» համար տարուած երկար եւ արիւնալի պայքարէն ետք, «Հիւրրիյէթ»ի ու «սահմանադրական Թուրքիոյ» սի՛ն երազներով տարուած, արդէն իսկ բազմեր էր օսմանեան խորհրդարանի աթոռներուն վրայ) ի սկզբանէ դատապարտուած՝ ճակատագրական լաւատեսութեան մը զոհ երթալու։ Զոհ երթալու՝ վաղուց ծրագրուած Եղեռնին. անէանալու՝ աննախընթաց ազգասպանութեան մը դժոխային բոցերուն մէջ, իր ժողովուրդի մեծամասնութեան հետ զոհուելով (Ուինսթըն Չըրչիլի՛ իսկ հաստատումով) մարդկութեա՛ն դէմ գործուած նորատեսակ, անանուն ոճիրի մը, որ մինչեւ օրս (ինչպէս պատմական ճշմարտութեան վրայ հիմնուած Սեւրի դաշնագիրը) կը մնայ ճշմարտութեան թշնամիներուն ուրացումին, կամ լաւագոյն պարագային՝ անտեսման ենթակայ։
Եւ այս՝ հակառակ այն անժխտելի իրողութեան, որ բաղդատմամբ Եւրոպայի հրէաներու «հոլոքոսթ»ին (որ օտար երկիրներու մէջ ապրող փոքրամասնութեան մը բնաջնջումն էր, հեռու իր «բիբլիական» հայրենիքէն), հայ ժողովուրդը խոշտանգուած էր ու կոտորակուած՝ եկուոր ժողովուրդի մը կողմէ՝ իր հարազատ, պատմակա՛ն հայրենիքի տարածքին։ Ցեղասպանութեան անմարդկային սահմաններէն շատ անդին, համատարած ու ամբողջական հայրենիքի մը սպանութեան փորձ մըն էր, որ ի գործ դրուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ։ Գործադրուած՝ փտած կայսրութեան մը իշխանութիւններուն կողմէ՝ միանգամընդմիշտ, հուրով ու սուրով իւրացնելու համար հայուն հայրենիքը, եղծելու եւ ջնջելու համար անոր հազարամեայ պատմութիւնն ու մշակոյթը։
Երկրորդ թուականը, անկասկած, պատմական հոլովոյթով յառաջացած արդիւնքն էր աննախընթաց ազգասպանութեան փորձին։ Մայիսեան ճակատագրական գուպարէն ծնած անկախ հանրապետութիւնը, իր իսկութեան մէջ, այլափոխուած վերայայտնութիւնն էր մահապատիժի մը զոհ գացած Արեւմտահայաստանին, որուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը, արտաքսուած իր հարազատ հայրենի հողերէն, արդէն իսկ կը հանգչէր օտար անապատներու աւազին տակ, անդագաղ ու անշիրիմ։
Դառն իրականութիւնը այ՛ն է, որ եթէ տեղի ունեցած չըլլային Մեծ պատերազմն ու անոր դժոխային արգանդէն ծնած Եղեռնը եւ (որպէս այդ վտանգին անմիջական անդրադարձ) Վասպուրականի հերոսամարտն ու զէնքը ձեռին մարտնչող ժողովուրդի մը հոգւոյն ու մտքին մէջ ազատութեան ու անկախութեան առնչութեամբ հաւատքի՛ վերազարթօնքը, արեւմտահայութիւնը, իր մեծամասնութեամբ, պիտի շարունակէր տանիլ իր երկարամեայ պայքարը «բարենորոգումներու» ճամբով՝ ի խնդիր «տանելի» կեանքի մը՝ «սահմանադրական» հովանիին եւ օտար սատրապներու մականին ներքեւ։
Անկախութիւնը, այդ օրերուն, այնքա՛ն հեռու եւ անհասանելի կը թուէր, գրեթէ բոլորին։ Ընդունինք կամ ոչ, Մայիսեան մեր անկախացման ցաւատանջ երկունքին գլխաւոր դայեակը եղաւ Մեծ Եղեռնը, Հայաստանն ու հայութիւնը ազգասպանութեան ճամբով անէացնելու այդ ոճրային փորձը։ Եւ զարմանալի չէ, որ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Ապարանի անսպասելի հակահարուածներէն զգաստացած ոճրագործը, դէպի Պաքուի նաֆթահորերը իր արշաւի ճամբուն, առժամապէս յետաձգելով հայութեան ամբողջական բնաջնջման իր ծրագիրը (եւ միաժամանակ նորաստեղծ հայ պետութիւնը իր «հովանիին» տակ առնելու դիւանագիտութեամբ), առաջի՛նը եղաւ ճանչնալու հայոց անկախութիւնը։
Յաւելեալ գաղափար մը տալու համար Համաշխարհային առաջին պատերազմի այդ օրերուն տիրող միջազգային մանուածապատ կացութեան մասին, արժէ յիշել, որ մինչ մահուան ճիրաններէն հազիւ թէ ճողոպրած նորանկախ մեր հայրենի պետութեան ներկայացուցիչները Կոստանդնուպոլիս էին գործուղուած անմիջական օգնութիւն խնդրելու Օսմանեան կայսերական կառավարութենէն՝ կարենալ կերակրելու համար սովահար գաղթական զանգուածները, Պաքուի մէջ, հայկական զինեալ ուժեր, փոքրաթիւ բրիտանական գումարտակի մը կողքին, ոգի ի բռին կը ջանային կասեցնել թուրք-գերման զինակցութեան գրոհը դէպի Կովկասի նաֆթահորերը։
Հետաքրքրականը այն է սակայն, որ լոյս աչքով մղուող այս ճակատամարտին ամենատաք օրերուն, Մեծն Բրիտանիոյ պատերազմական դահլիճը, իր մէկ գաղտնի ժողովի ընթացքին, ի տես պոլշեւիկեան յեղափոխութեան ստեղծած կացութեան, որոշում կը կայացնէր Պաքուն յանձնելու նախընտրաբար, արդէն իսկ պարտութեան դուռը հասած թուրքերուն՝ քան թոյլ տալ, որ հայ եւ ռուս յեղափոխական ուժերը տիրանան ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող այդ շրջանին՝ յօգուտ համայնավար Ռուսիոյ։ Այս իրադարձութիւններէն գրեթէ անտեղեակ, հայ ժողովուրդի արդէն իսկ պարտասած ու պառակտուած ղեկավարութիւնը, հրաժարած ազգային միասնականութեան տեսլականէն, իր յոյսերը կապեր էր կա՛մ «քրիստոնեայ» արեւմուտքի դաշնակից պետութիւններու խոստումներուն՝ եւ կամ արեւելքի «անկրօն», ռուսական պոլշեւիզմի «եղբայրական» հովանաւորութեան։
Ազգային ինքնաճանաչման վերականգնող հաւատքը, որ համաժողովրդային խոյանքով, Վասպուրականէն մինչեւ Արարատեան դաշտ կարողացեր էր անկախութեան իրակա՛ն եւ իրաւական ճանապարհը բանալ հայ ժողովուրդին առջեւ, դէպի Սեւրի Դաշնագիր ու միջազգային ճանաչում, արդէն իսկ սկսեր էր հեռանալ իր ակունքէն՝ օտարածին վարդապետութիւններու եւ մշակոյթներու ընկալումով։ Օտարամէտ հեռացում մըն էր այս, որ ուիլսընեան սահմաններու ճանաչման վաղորդայնին, Հայաստանի Ա. հանրապետութեան վաղաժամ անկումէն ետք, պիտի շարունակէր ունենալ իր պառակտիչ ու քանդիչ ազդեցութիւնը մինչեւ 1965, միչեւ Եղեռնի Յիսնամեակին հետ վերազարթնող ու մօտ երկու տասնամեակ պատնէշի վրայ մնացած հայոց արդար ու անշրջանցելի Դատին համահայկական (մինչ այդ անտարբեր աշխարհի մը ուշադրութիւնը իր վրայ դարձնող) շիկացած աշխուժացումը։
Յիսնամեակին յաջորդող տասնամեակներուն ընթացքին, շատ բան փոխուած էր Խորհրդային Միութեան, Խորհրդային Հայաստանի ու հայկական Սփիւռքի տարածքին։ Մինչեւ վաթսունական թուականները, Արեւելք-Արեւմուտք Պաղ պատերազմեան կատաղի մրցակցութիւնը իրարու դէմ հանած էր ո՛չ միայն երկու գեր-պետութիւնները եւ իրենց զինակիցները, այլեւ, մեր իրականութեան մէջ, մղած էր Սփիւռքը եւ Հայաստանը շարունակական առճակատումի մը, որ ո՛չ մէկ ձեւով կրնար առնչուիլ մեր ժողովուրդի համազգային եւ գերագոյն շահերուն հետ։ Մինչեւ խրուշչովեան օրերէն սկսած ու կորպաչովեան Կլասնոստով իր լրումին հասած սառցահալը, ծածկուած գաղափարախօսական անվերջանալի լոզունգներու դաւադիր մշուշի մը ետին, անկլօսաքսոն եւ սլաւական զոյգ կայսրութիւնները կատաղօրէն կը մրցէին աշխարհի տնտեսական ու մշակութային ամբողջական տիրապետութեան ի խնդիր։
Վերջնական խելացնոր նպատակը աշխարհը բաժնելը չէր երկու ապազգայնացած ու նիւթապաշտ կայսրութիւններու միջեւ, այլ միա՛կ գեր-պետութեան մը կողմէ ամբողջական ստրկացումը անկախ ազգային միաւորներու եւ իւրացումը անոնց հայրենիքներու հոգեկան, բնական ու մարդկային կարողականութենէն բխող հարստութեանց։ Այս կորիզային համատարած եղեռնի մը հաւանականութեան կեղծ սպառնալիքով պարտադրուած եւ մեծապետական չարաշահումի զոյգ բեւեռներով հաւասարակշռուած ժամանակաշրջանը, ի վերջոյ, իր լրումին հասաւ Խ. Միութեան ինքնալուծարքով։
Որպէս անխուսափելի հետեւանք ռուս-համայնավար կայսրութեան փլուզումին ու անոր տասնհինգ հանրապետութիւններուն քաղաքական ու տնտեսական պարտադրեալ կառոյցին քայքայման, մեր նորագոյն պատմութեան վերեւ յիշուած երկու թուականներուն վրայ, ինչպէս ըսինք, աւելցաւ երրորդ պատմական թուական մը, Սեպտեմբերի 21ը՝ որպէս Հայաստանի վերանկախացման եւ Գ. Հանրապետութեան հաստատման պաշտօնական տարեդարձի օր։ Եթէ չըլլար ղարաբաղեան հերոսամարտի համահայկական խոյեանքը, մենք հազիւ թէ իրաւունքը ունենայինք հպարտանալու մեր նոր անկախութեամբ, որ մեր դուռը կը թակէր որպէս հետեւանք մեր հակակշիռէն դուրս եղող դէպքերու դասաւորման, չըսելու համար պարտադրանքին։
Այդ օտարածին մթնոլորտին մէջ, պատահեցաւ անխուսափելին. մեր ազգային ազատագրական պայքարի խորհրդանիշներն ու արժէքները իւրացուցած ու անոնց իսկական պարունակն ու ոգին եղծած ինքնակոչ «ղեկավարութիւն» մը (իր իսկ հաստատմամբ՝ հակադրուած ազգային գաղափարախօսութեան) եկաւ իշխանութեան գլուխ՝ քուէներովը ժողովուրդի մը, որ եօթանասուն տարիներու ամբողջատիրական վարչակարգին աւանդած դասերով, սորված էր իր քուէները տալու միայն ու միայն պաշտօնի՛ վրայ եղող իշխանաւորներու։ Յաճախ մոռացութեան կը տրուի այն իրողութիւնը եւս, թէ այս ղեկավարութիւնը արժանացաւ, միաժամանակ, ըլլա՛յ Ռուսիոյ, ըլլայ Միացեալ Նահանգներու մեծապետական օրհնութիւններուն՝ որպէս Հայ Դատը լուծուած նկատող, Սեւրի դաշնագիրը մէկ կողմ դրած, ու հայոց դահիճներուն ձեռք երկարելու պատրաստ, կամակատար ու հնազանդ վարչակարգ։
Ժամանակ առաւ, մինչեւ որ ապազգայնացման այդ «շարժումին» գլուխը անցած հոգեպէս ու բարոյապէս սնանկ այդ խմբակը, ի վերջոյ, ստիպուեցաւ զիջիլ իշխանութիւնը։ Տարիներ անցած են տէր-պետրոսեանական ներքնապէս պառակտիչ ու միջազգային բեմի վրայ պարտուողական ոգիով տարուող քաղաքականութեան անփառունակ աւարտէն ասդին, սակայն էապէս (Եղեռնի համաշխարհային ճանաչման համար տարուող համատարած աշխատանքներէն դուրս) շատ քիչ բան փոխուած ըլլալ կը թուի հայոց իսկական պահանջատիրութեան ճակատին վրայ։ Այս իրողութեան ի տես, հարկ է զգաստանալ ու ընկալել մեր ներկայ կացութիւնը՝ այնպէս ինչպէս որ կայ.-
Շուրջ ինը միլիոն հայութեան հազիւ մէկ երրորդը այսօր կÿապրի իր անկախ հայրենիքի սահմաններէն ներս, ուր ան, մեծաւ մասամբ, տակաւին կը մնայ անապահով կեանքի մը մաշեցնող շրջապատէն ներս, մինչ զաւթուած պատմական հայրենի հողերու վրայ վերապրող, Լօզանի յանցապարտ դաշնագրով անտեսուած, բռնի քրտացած կամ իսլամացած քօղածածուկ հայութեան անորոշ, այլեւ նշանակելի զանգուածը ցարդ զրկուած կը մնայ Սփիւռքի ու հայրենիքի հայութեան զօրակցութենէն։ Այսօր, ան հետզհետէ նօսրանալու վտանգն է որ կը դիմագրաւէ, հայոց հազարամեայ բնօրրանին վերջնական հայաթափումի մղձաւանջը ապրելով որպէս առօրեայ տագնապ…
Մինչ Հայաստանի, Արցախի, æաւախքի ու Արեւմտեան Հայաստանի հայ բնակչութիւնը կը շարունակէ նօսրանալ, թէ՛ Ռուսիոյ ու նախկին խորհրդային տարածքներու եւ թէ Արեւմուտքի հայ գաղութները «կÿուռճանան»՝ իրենց հայրենի երդիքները կամ Միջին Արեւելքի հայաշատ ոստանները լքած հայ բազմութիւններով։ Առանց հայրենիք-Սփիւռք միացեալ ճիգերու, Սփիւռքի նորակազմ հաւաքականութիւններ, զուրկ ազգային հաստատութիւններու ցանցէ մը, դատապարտուած կը մնան շուտափոյթ ուծացման եւ օտարացման։ Հայապահպանման ու հայեցի դաստիարակութեան հարցը, որուն լուծման աշխատանքներուն մէջ մեծ դեր էր վերապահուած Հայաստանին, այսօր կը մնայ դժուար իրականանալի՝ մեր դաստիարակչական, գրական ու լրագրական լեզուներու ուղղագրական ու հնչաբանական երկփեղկումին պատճառաւ։ Հայաստանի եւ արտերկրի մեր ժողովուրդներու մերձեցման մէջ մեծ դեր կատարելու կոչուած երկքաղաքացիութեան նոր օրէնքին վերջնական գործադրման ուշացումը եւս իր ժխտական դերը ունի։ Այս երկփեղկումը, անկասկած, հետզհետէ պիտի խորանայ՝ սպառնալով արագացնել Սփիւռքի ճերմակ ջարդի գործընթացը, որուն աւերները մենք ամէ՛ն օր տեսնելով հանդերձ, կը ջանանք յամառ, այլեւ հետզհետէ թափանցիկ լաւատեսութեան մը վարագոյրով ծածկել զայն։ Լաւատեսութիւն մը, որ ընդհանրապէս հայապահպանման քաղքենիացած պարբերակով մը ինքնագոհ՝ կÿուզէ ապաւինիլ նորանկախ այլ եւ վտանգուած պետականութեան մը ծիսակատարութեանց, մտահան ընելով անմիջական պահանջները այդ պետութեան ապագայի հիմնական սիւները հանդիսացող ազգային անփոխարինելի տարածքներուն ու անոնց վրայ դեռ դիմացող մնացորդացին զոյգ, անփոխարինելի սիւները։
Այդ զոյգ սիւներուն վրայ կÿաւելնայ համահայկական երազներով վերապրող աշխարհացրիւ սփիւռքահայ մեր ժողովուրդը, որուն ապագան, օտար երկինքներու տակ, հարցական կը մնայ, զրկուած իր նախահայրերուն արիւնով ու քրտինքով հայացած, հազարամեայ կոթողներու քանդակներով սրբացած հայրենի հողէն, որ տակաւին կը հեծէ օտար տիրապետութեան տակ։ Առանց այդ երկու, հազարամեակներու ընթացքին զիրար կանգուն պահող սիւներուն՝ հող եւ ժողովուրդ, ո՛չ մայրենի լեզու, ոչ ալ իւրայատուկ մշակոյթ ու պատմութիւն պիտի ունենայինք։
Այսօր, այդ պատմական սիւները վտանգուած են սկզբունքէ եւ ընկերային յստակ տրամաբանութենէ եւ խիղճէ զուրկ, ագահութեան որպէս հետեւանք, բնաջնջման եզրը հասած կենսոլորտով մը բնանշուող նիւթապաշտ այս աշխարհին մէջ։ Ա՛յն, ինչ որ այսօր կը պարզուի մեր աչքերուն առջեւ Միջին Արեւելքի փոթորկած տարածքներուն վրայ՝ աւելի քան եօթը տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող միջ-համայնքային անվերջ բախումները, մարդկային աննկարագրելի կորուստներն ու տառապանքը, հազարամեայ բնավայրերու աւերածութիւնն ու ամայացումը՝ Կիպրոսէն մինչեւ Վասպուրական, Արցախէն մինւեւ Միջագետք ու Լիբանան, անքակտելիօրէն կÿառնչուին Սեւրի դաշնագրով նուիրականացած սկզբունքներուն եւ վերազարթնող ժողովուրդներու անժամանցելի իրաւունքներուն անտեսման՝ ի նպաստ գաղթարար, երեւելի թէ քօղարկուած ուժերու տնտեսական շահերուն։
Այդ զուլումները այսօր հասած են 21րդ դար ու կը շարունակեն արիւնաքամ ընել քաղաքակրթութեան օրրանը հանդիսացող երկրամաս մը՝ որպէս անխուսափելի հետեւանքները Լօզանի ամօթալի դաշնագրին, ուր համամարդկային արժէքներու ձգտող քաղաքակիրթ աշխարհը, ծովերով արիւն թափելէ ետք, մէկ կողմ դնելով նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի համամարդկային սկզբունքները, անձնատուր եղաւ նորաստեղծ բռնատիրութիւններու սպառնալիքներուն եւ նաֆթահորերու հրապոյրին…
Սեւրը կենդանի է ու անշրջանցելի՝ ինչպէս անշրջանցելի ու հիմնական են ճշմարտութեան ու արդարութեան վրայ հիմնուած, միջազգային հարցերու տրամաբանական լուծումները, եւ անոնցմէ յառաջացող խաղաղութիւնը եւ ազգերու շինիչ համակեցութիւնը։
Եւ ճիշդ այդ պատճառով, Ապրիլ 24ի, Մայիս 28ի եւ Սեպտեմբեր 21ի կողքին, մենք պէտք է աշխարհով մէկ յիշատակենք Օգոստոս 10ը՝ Սեւրի դաշնագրի ստորագրման օրը. ո՛չ իբրեւ անցեալի մեր յաղթանակներէն մին՝ այլ իբրեւ անշրջանցելի այն փաստաթուղթը, որուն վրայ հիմնուած, համազգային հաւատքով ու կիրքով, քրտինքով ու հարազատի արեա՛ն կանչով, մենք պիտի կարողանանք վերատիրանալ մեր ամբողջակա՛ն հայրենիքին։