ՄԱԿի մօտ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ահմետ Եըլտըզ ատրպէյճանական «Ռիփորթ» թերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստան ճիշդ ճամբով կը կ՛ընթանայ։
Ըստ անոր` «Ատրպէյճանի գիւղերուն վերադարձը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան վերականգնման առանցքային գործօն է»:
«Պէտք է նշել, որ Հայաստան գիտակցած է իր պատասխանատուութիւնը եւ ճիշդ ուղղութեամբ կը շարժի։ Ասիկա, առաջին հերթին, դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ այդ երկրի տնտեսութեան վրայ», ըսաւ Եըլտըզ` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու։