
Միացեալ Նահանգներ կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Սաքրամենթոյի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի հետ:
Զրոյցին ընթացքին, երկուստեք բարձր գնահատեցին Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ աւելի քան երեք տասնամեակի սերտ եւ բազմաշերտ համագործակցութիւնը, բոլոր ուղղութիւններով: Շեշտուեցաւ, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունի հայկական համայնքը, որ առաւելաբար ներկայութիւն է Քալիֆորնիոյ մէջ:
Նախագահ Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ մասնաւորաբար Քալիֆորնիա նահանգին հետ բազմաոլորտ համագործակցութիւնը յատուկ նշանակութիւն ունի Հայաստանի իշխանութեանց համար՝ շարք մը առումներով:

Ան նշեց, որ վերջին տարիներուն հայաստանեան տնտեսութեան մէջ իր դիրքերը էականօրէն ամրապնդած է բարձր արհեստագիտութեան ոլորտը եւ նկատի ունենալով, որ այդ բնագաւառի շարք մը մեծագոյն ընկերութիւններ ներկայացուած են ինքնին՝ Քալիֆորնիոյ Սիլիքոն հովիտին մէջ, անհրաժեշտութիւն է խթանել Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ համագործակցութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին, նահանգապետ Նիւսըմ հետաքրքրուեցաւ վերջին տարիներուն Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութեան զարգացումներով եւ մասնաւորաբար »Քորոնա«ի եւ համավարակին յաջորդած շրջանին մէջ պետութեան կողմէ առնուած քայլերով:
Այս գծով, նախագահ Խաչատուրեան նշեց, որ համավարակային ճգնաժամի պայմաններուն մէջ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ առնուած են շարք մը քայլեր, որոնք կարելիութիւն տուին երկրի տնտեսութեան արագօրէն վերականգնելու՝ համավարակին յաջորդած ժամանակաշրջանին:
Նախագահը շեշտեց, որ նման ծրագիրներու իրականացումը կարելի դարձած է վերջին տարիներուն Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին մէջ իրականացուած ժողովրդավարական բարեփոխումներու եւ ժողովրդավարական կառոյցներու ամրապնդման իբրեւ արդիւնք: Այս պարունակին մէջ, Խաչատուրեան՝ ի դէմս Նիւսըմի, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու բարձր ղեկավարութեան՝ ժողովրդավարութեան ամրապնդման ու ժողովրդավարական բարեփոխումներու կեանքի կոչման առումով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանին ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Զրոյցին ընթացքին կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային եւ համաշխարհային զարգացումներու ու առկայ մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ: Երկու կողմերը շեշտուեցին թէժ հակամարտութիւնները օր առաջ խաղաղ բանակցային ուղիներով հարթելու եւ լուծումներ գտնելու հրամայականը:
Նախագահ Խաչատուրեան՝ անդրադառնալով հարաւկովկասեան տարածաշրջանային իրողութիւններուն եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքներուն, վերահաստատեց դրացիներուն հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ կառուցելու Հայաստանի հաստատակամութիւնն ու դրական դիրքորոշումը, որուն արտայայտութիւնը նկատեց նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առաջին անգամ իրականացուող սահմանազատման գործընթացը:
Հանդիպման աւարտին, նախագահ Խաչատուրեան նահանգապետ Նիւսըմը հրաւիրեց այցելելու Հայաստան, ինչ որ յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման: