
Վարչապետին հեռացման պահանջով «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման անհնազանդութեան գործողութիւնները շարունակուեցան 14 Մայիսին եւս, երբ Երեւանի մէջ ցուցարարները երթեր կատարեցին եւ շուրջ տասնեակ մը կեդրոնական փողոցներ փակեցին:
Այսօր եւս ոստիկանութիւնը անհամաչափ ուժ կիրարկեց եւ բերման ենթարկեց մեծաթիւ ցուցարարներ։ Ձերբակալուեցաւ նաեւ արդարութեան մարտիկ Համբիկ Սասունեան, որուն դէմքին նաեւ հարուածեցին ոստիկանները։ Բոլորն ալ աւելի ուշ ազատ արձակուեցան։
Ասոր զուգահեռ, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի գլխաւորութեամբ հաւաքուածները երթով ուղղուեցան Երեւանի Պետական համալսարան, ուր անոնք դիմաւորուեցան դասադուլ կատարող ուսանողներու պարերով։
Այնուհետեւ հաւաքուածները ուղղուեցան Լրագրողներու միութիւն, ուր Բագրատ սրբազան ընդունուեցաւ միութեան նախագահ Սաթիկ Սէյրանեանին կողմէ եւ զրոյց ունեցաւ լրագրողներուն հետ։
Երթի մասնակիցները կանգ առին «Նեմեսիս»ի յուշարձանին մօտ, ուր սրբազանը ըսաւ. «Արժանապատիւ հայերի, պատիւ ու հայրենիք ունեցող մարդկանց յիշատակին նուիրուած յուշարձանի առջեւ ենք գտնւում: Սա այն ճիչն է ու աղաղակը, սա ահաբեկութեան հետ կապ չունի․ սա այն ճզմուած, ճմլուած մարդկանց, ցեղասպանուած մարդկանց ճիչն ու աղաղակն է, որ այս հերոս մարդիկ` անձնական պատասխանատուութիւն ստանձնելով, իրագործեցին: Եւ փորձեցին իրենց սահմանափակ միջոցներով` Հայոց Հարցը որպէս ամբողջութիւն ներկայացնել աշխարհին», ընդգծելով, որ պէտք է դառնանք յատուկ ազգ ու պետութիւն: Ան աւելցուց, որ իրեն համար Եռաբլուրն ու Ծիծեռնակաբերդը եղած են փոխլրացնող: «Առանց Եռաբլուրի գոյութեան Ծիծեռնակաբերդի արժէքը տկար է: Եռաբլուրն է, որ Ծիծեռնակաբերդին զոհի հոգեբանութիւնը վերածում է յաղթողի հոգեբանութեան»:


Ապա ան եւ շարժման մասնակիցները «մեթրօ»ով ուղղուեցան «Երրորդ մաս» ու վերադարձան:
Մարզերուն մէջ եւս կատարուեցան ցոյցեր, փակուեցաւ Արմաւիր-Գիւմրի ճամբան, Վանաձորի մէջ ինքնաշարժներու երթ կատարուեցաւ, Գիւմրիի մէջ իրազեկման այցելութիւններ տրուեցան տարբեր համալսարաններ։
Բագրատ սրբազան տեղեկացուց, որ երկու օր առաջ հանդիպում ունեցած է երկու կուսակցութիւններու հետ, 14 Մայիսին՝ խորհրդարանական «Պատիւ ունեմ» դաշինքի եւ Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ, նաեւ՝ նախկին վարչապետներու՝ Հրանտ Բագրատեանին, Խոսրով Յարութիւնեանին եւ Վազգէն Մանուկեանին հետ։
«Բաւականին երկար քննարկումներ ենք ունեցել, մեր պատկերացումներն ենք ներկայացրել իրենց եւ առաջարկներն ենք ստացել, իրենց դիրքորոշումն են յայտնել։ Հանդիպելու ենք նաեւ ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւորների հետ: Մենք աւելի մեծ ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ անելիքներ ունենք։ ՔՊականները իրենց լաւ չեն պահում, բայց մեր առաքելութիւնը լաւ չպահողների հետ գործելն է, ոչ թէ` լաւ պահողների: Խորհրդարանական խմբակցութիւններն իրենց տնային աշխատանքներն արդէն սկսել են կատարել․ կարիք կայ նաեւ գործել ՔՊի հետ», Երեւանի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ յայտարարեց սրբազանը՝ ամփոփելով օրուան զարգացումները։ Ան շեշտեց, որ կոչուած են ամբողջ ներուժով գործել եւ հոսանքը հասցնել արդիւնքի: «Իսկ թէ ինչ տեսք պէտք է ունենայ սպասուած արդիւնքը, դա էլ, ըստ նրա, կազմում է ճանապարհային քարտէզի կարեւոր մասը», նշեց ան։
Ան տեղեկացուց, որ կրկին հանդիպումներ պիտի ունենայ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու հետ։
«Մայիսի 15ին որոշակի ջրբաժան կայ, ամսի 15ին, գիտէք, որ այս արձանագրութիւնների առաջին փուլն է, որը մեզ անակնկալ տրուել է, ամսի 15ին ըստ ծրագրուածի կը հասկանանք, թէ ինչ է տեղի ունենում, եւ անմիջապէս կը տեղեկացնեմ, թէ ամսի 16ին ինչ ենք անելու», նշեց Բագրատ սրբազան:
Շեշտելով, որ այս պայքարը նիւթական ակնկալութիւն չունենալու պայքար է եւ թէ ո՛չ պաշտօն, ո՛չ փող, ո՛չ աթոռ, ոչ մէկ ակնկալութիւն կայ այս պայքարին մէջ, ան ըսաւ. «Հայրենիք եւ պատիւ ունենք ստանալու այս պայքարից, ուրիշ ոչ մի բան։ Վաղը ժամը 17ին Օպերայում միջազգային տնտեսական համաժողով է լինելու, որտեղ ելոյթ է ունենալու այս կառավարութեան ղեկավարը: Մայիսի 15ին ժամը 16ին պէտք է ներկայ լինենք Ազատութեան հրապարակում եւ մեր խաղաղ, բայց հուժկու ընդվզումը յայտնենք Նիկոլ Փաշինեանի։ Ինչպէս միշտ ասել եմ հոգեւոր Հայաստանը պէտք է յաղթի նոր Հայաստանին»: