News.ru-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին յայտնեց, որ Ռուսիա կ՛ողջունէ 10-11 Մայիսին Ալմաթիի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն խաղաղութեան պայմանագիրին վերաբերող բանակցութիւնները։ Ան ըսաւ, որ այսպիսով քայլ մը եւս կ՛առնուի «Հարաւային Կովկասի մէջ յուսալի եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար»:
«Կարեւոր է, որ Ալմաթիի մէջ բանակցութիւններ կ՛ընթանան 2020-2022 թուականներու բարձրամակարդակ եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու հունով, որոնք սահմանած են Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման «Ճամբու քարտէզը»», ըսաւ Կալուզին։
Խօսելով Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման մասին` ան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ Ռուսիա չ՛օգտագործեր Ատրպէյճանի նախագահին որդեգրած «Զանգեզուրի միջանցք» եզրոյթը։ «Ռուսիա հանդէս կու գայ ոչ թէ յստակ երթուղիի մը ստեղծման, այլ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ երթեւեկային հաղորդակցութիւններու լիակատար ապաշրջափակման օգտին: Ճիշդ ատով կը զբաղի Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն որոշմամբ 2021ին ստեղծուած եռակողմանի աշխատանքային խումբը՝ երեք երկիրներու փոխվարչապետերու միացեալ համանախագահութեամբ», ըսաւ Կալուզին։
Ըստ անոր՝ եռակողմանի աշխատանքային խումբը աշխոյժ աշխատանք կատարեց եւ կրցաւ որոշ արդիւնքներու հասնիլ, բայց այս գործընթացը կանգ առաւ ոչ թէ Ռուսիոյ յանցանքով, այլ Երեւանի, որ որոշեց կասեցնել փոխգործակցութիւնը եռակողմանի աշխատանքային խումբի մակարդակով:
Կալուզին խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը մասին՝ դիտել տալով, որ անիկա Հայաստանի դրացիներուն՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Իրանի դէմ կը վարէ բացայայտ սադրիչ գործունէութիւն: «Առաքելութեան՝ Եւրոպական Միութեան խառնածին պատերազմի գործիք ըլլալը կը հաստատուի անոր գաղտնիութեան, հաշուետուողականութեան եւ վերահսկողութեան բացակայութեան հանգամանքով՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ այլ շահագրգիռ երկիրներու եւ կառոյցներու կողմէ», պնդեց ան։
Ըստ անոր՝ առաքելութիւնը բացայայտ սադրիչ գործունէութիւն կը ծաւալէ, ամբողջութեամբ կը զբաղի հակառուսական քարոզչութեամբ՝ հայ հասարակութեան մէջ կեղծ գաղափարներ սերմանելով։ «Աւելի՛ն, անոնք գործունէութիւնը կը ստանայ ալ աւելի շատ հակաատրպէյճանական եւ հակաիրանեան բնոյթ», ըսաւ Կալուզին։
«Եթէ խօսինք երկարաժամկէտ շրջանային անվտանգութեան, կայունութեան եւ ընկերատնտեսական զարգացման խնդիրներու մասին, ապա տարածաշրջանը ռազմականացնելու եւ այնտեղ Եւրոպական Միութեան եւ ՆԱԹՕի ռազմաքաղաքական ազդեցութիւնը ընդլայնելու արեւմտեան երկիրներու ծրագիրները լիովին անհամապատասխան են անոնց։ Հարաւային Կովկասի բարգաւաճման բանալի ներառական երկխօսութիւնն է, մասնաւորաբար «3+3» խորհրդատուական շրջանային հարթակի ծիրին մէջ», հաստատեց Կալուզին։