
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան Թուրքմէնստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ մասնակցած է փիլիսոփայ, թուրքմէն բանաստեղծ Մախթումկիւլի Ֆռակիի ծննդեան 300ամեակին նուիրուած մշակոյթի նախարարներու միջազգային խորհրդաժողովին: Այդ առիթով, բացումը կատարուած է Ֆռակիի անունով հանրապարտէզին, ուր տեղադրուած է վերջինիս յուշարձանը։
Նոյն հանրապարտէզի նորաբաց ճեմուղիին մէջ տեղադրուած է նաեւ հայ աշուղ-բանաստեղծ Սայաթ Նովայի արձանը՝ Տանթէ Ալիկիերիի, Տոսթոեւսքիի, Հաֆէզի, Կէօթէի եւ այլ համաշխարհային մտածողներու արձաններու կողքին։
Սայաթ Նովայի արձանին բացումը կատարած են Անդրէասեան եւ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Խարազեան։ Արարողութեան ներկայ եղած են խորհրդաժողովի պատուիրակները։