
Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսիի եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան մահուան առիթով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը ցաւակցական նամակներ յղեցին Իրանի գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէիին։ Նշենք, որ Ռայիսի եւ պատուիրակութիւնը մահացան Ատրպէյճանէն վերադարձի ճամբուն վրայ։
Բիւրոյի ցաւակցութեան խօսքին մէջ ափսոսանք է յայտնուի «այս մեծ կորստի առիթով»: Մասնաւորապէս կը նշուի, որ նախագահ Ռայիսին «կարեւոր դեր է ունեցել Իրանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնների զարգացման գործում»։
«Իրանի ղեկավարութեանը, ժողովրդին եւ կառավարութեանը, յատկապէս հանգուցեալների ընտանիքներին, այս ցաւալի կորստի համար» ցաւակցութիւն յայտնելով, Բիւրոն անոնց կը մաղթէ աստծուածային համբերութիւն: Գերագոյն մարմինի ցաւակցագիրին մէջ կը նշուի. «Կիսում ենք եղբայրական Իրանի ժողովրդի ցաւը` մեր անկեղծ վշտակցութիւնը փոխանցելով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ սէյեդ Ալի Խամենէիին, զոհերի ընտանիքներին, Իրանի բարեկամ ժողովրդին: Համոզուած ենք, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը եւ նրա իմաստուն ժողովուրդը կը յաղթահարի անասելի ցաւը»։