Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցեր:
Այս առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Էրտողան գոհունակութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ գործընթացի դրական յառաջընթացին համար եւ նշեց, որ Թուրքիա ուշադրութեամբ կը հետեւի այդ գործընթացին:
«Էրտողան ըսաւ, որ տարածաշրջանին մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութիւնը նոր պայմաններ պիտի ստեղծէ թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ տարածաշրջանի այլ երկիրներու համար», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ։
Ասոր զուգահեռ, Պաքուի մէջ խորհրդարանի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահը ըսաւ, որ ներկայ դրութեամբ խաղաղ օրակարգի մէջ յառաջընթաց արձանագրելու շատ լաւ եւ բարենպաստ կարելիութիւններ կան։
«Ատրպէյճանի կողմէ իր ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումէն ետք, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման պատմական կարելիութիւն ստեղծուեցաւ», նշեց Ալիեւ` ընդգծելով, թէ «երկկողմանի գործընթացի ծիրին մէջ, մասնաւորաբար սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով դրական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են»։