ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ»․- Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով, Մայիսի 16ին Փարիզի 9րդ թաղամասի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ մարդասէր եւ արուեստագէտ Ազնաւուրի յիշատակին նուիրուած յուշատախտակի բացման արարողութիւնը։ Ներկայ էին 9րդ թաղամասի քաղաքապետ Տելֆին Պիւրքլի, Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, երեսփոխան Սիլվէն Մայառ, քաղաքապետական խորհուրդի եւ հայ համայնքի անդամներ, բազմաթիւ հիւրեր։
Ազնաւուրի ծնողքը՝ Միշա եւ Քնար Ազնաւուրեաններ Բ. Աշխարհամարտի տարիներուն ապրած են Navarin փողոց, թիւ 22 հասցէին եւ իրենց բնակարանին մէջ պատսպարած Մելինէ եւ Միսաք Մանուշեանները, ինչպէս նաեւ ֆրանսական Դիմադրութեան այլ մարտիկներ:
Ազնաւուր շատ լաւ գիտէր թաղը եւ ամէն մէկ անկիւնէն յիշատակներ ունէր։ Ան խորապէս կապուած էր Փարիզ 9րդի թաղամասին հետ եւ հոն իր տան մէջ կը զգար։
Քաղաքապետուհիին եւ Հայաստանի դեսպանին ելոյթներէն եւ յուշատախտակի քօղազերծումէն ետք, թաղի դպրոցներու խումբ մը աշակերտներ երգ ու արտասանութեամբ ներկայացուցին Ազնաւուրի «Անոնք Ինկան» եւ La Boheme երգերը։