Իտալական «Ինթեր Միլան» ֆութպոլի խումբի միջնապահ եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան «Ինսթակրամ»ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով մը հակազդած է Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինաբար բանտերու մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու բանտարկութեան ժամկէտներ երկարաձգելու Պաքուի իշխանութիւններու որոշումին։
Ան բողոքած է այս ապօրինութեան մասին՝ պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել Ատրպէյճանի մէջ շինծու մեղադրանքներով բանտարկուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնն ու միւս գերի հայերը։