Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 21 Մայիսին ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզութեան վարչութեան (CIA) փոխղեկավար Տէյվիտ Քոհընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Քննարկուեցան Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմանի, ինչպէս նաեւ միջազգային օրակարգին վերաբերող հարցեր:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը եւս ընդունեց Քոհընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Քննարկուեցան Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմանի համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր։