Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Մայիս 22ին կայացած հանդիպման ընթացքին, Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտարարեց, որ Իրանի հանգուցեալ նախագահ Էպրահիմ Ռայիսին շատ զգայուն էր Հայաստանի հետ կապուած սահմանային խնդիրներուն նկատմամբ։ «Պէտք է շարունակենք հաշուի առնել այդ զգայունութիւնն ու հոգատարութիւնը։ Մենք պէտք է կարենանք ապահովել մեր սեփական շահերը», աւելցուց Խամենէի, Թեհրանի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին։
Փաշինեան Իրան հասած էր մասնակցելու ուղղաթիռի արկածով մահացած Ռայիսիի եւ անոր ուղեկցած պաշտօնատարներու հրաժեշտի արարողութեանը ։
Հանդիպման ընթացքին, Խամենէի նաեւ մատնանշեց Իրանի եւ Հայաստանի պատմաաշխարհագրական կապերն ու ընդհանուր շահերը եւ աւելցուց․ «Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները ընդլայնելու Իրանի քաղաքականութիւնը պէտք է շարունակել (Իրանի նախագահի պաշտօնակատար Մոհամմետ) Մոխպերի առաջնորդութեամբ»:
Իր կարգին, Փաշինեան յայտնեց. «Մենք ցնցուած էինք՝ լսելով արկածի հետեւանքով Իրանի նախագահի, արտաքին գործերի նախարարի եւ նրանց միւս ուղեկիցների մահուան լուրը, բայց մենք վստահ ենք, որ ձեր առաջնորդութեամբ եւ ղեկավարութեամբ դա չի ազդի Իրանի գործունէութեան վրայ»:

Փաշինեան Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Մոխպերի հետ, ցաւակցութիւն յայտնելով:
Վարչապետը ընդգծեց, որ Ռայիսիի հետ ոչ միայն գործընկերային, այլ նաեւ բարեկամական ջերմ կապեր ունէր, որ կ՛արտացոլուէր Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններուն վրայ: Վարչապետը յոյս յայտնեց, որ Ռայիսիի հետ նախանշուած ծրագիրները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու դրական միտումը կը շարունակուին:
Մոխպեր նշեց, որ վարչապետին ներկայութիւնը գօտեպնդող է իրենց համար, խորապէս գնահատելով այն իրողութիւնը, որ բարեկամ Հայաստանը կը կիսէ Իրանի վիշտը: Ան նաեւ վստահեցուց, որ Ռայիսիի հետ համաձայնեցուած Հայաստանի վարչապետին նախանշած բոլոր ծրագիրները, որոնք ուղղուած են Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու զարգացման, կը կրեն շարունակական բնոյթ: