Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրկին խորհրդակցութիւններու համար Մոսկուա կանչուեցաւ։ Այս մասին նշուեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի մեկնաբանութեան մէջ:
Աւելի ուշ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն հաղորդեցին, որ ատիկա ռուսական կողմին որոշումն է:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւս անդրադարձաւ դեսպանը կանչելուն պատճառին եւ ըսաւ. «Դեսպանները պարբերաբար կու գան խորհրդակցութիւններու»։ Այս մասին կը գրէ «Ինթերֆաքս»ը:
Վերջին ամիսներուն, հայ-ռուսական հեռակայ բանավէճը ՀԱՊԿի շուրջ էր, երբ Փաշինեան յայտարարեց, որ ՀԱՊԿի առնուազն երկու երկիր Հայաստանի դէմ պատերազմին մասնակցած է, իսկ Մոսկուայէն խորհուրդ տուին յայտարարել այդ երկիրներուն անունները։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարման ընթացքին հայ-ռուսական յարաբերութիւնները լարուելու սկսան առաւելապէս վերջին երկու տարիներուն, երբ Հայաստան սեպտեմբերեան դէպքերէն ետք դիմեց Ռուսիոյ եւ ՀԱՊԿին, սակայն չստացաւ ակնկալուող օգնութիւնը: