
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդեց, որ 24 Մայիսէն սկսեալ Հայաստանի սահմանապահ զօրքերը պաշտօնապէս կը ստանձնեն Հայաստանի պետական սահմանի Տաւուշի մարզի Բերքաբեր բնակավայրի 1.9 քիլոմեթր, ինչպէս նաեւ Ոսկեպար եւ Բաղանիս բնակավայրերու 4.9 քիլոմեթր հատուածներու պահպանութիւնը։
Ըստ հաղորդման` պետական սահմանի Կիրանց բնակավայրի 5.8 քիլոմեթր հատուածի պահպանութիւնը, մինչեւ 24 Յուլիս 2024 պիտի իրականացուի անցումային յատակագիծերով:
ԱԱԾն կը նշէ, որ միեւնոյն տրամաբանութեամբ, Ատրպէյճանի կողմէ սահմանային հանդիպակաց հատուածներու պահպանութիւնը 24 Մայիսէն պիտի կատարեն Ատրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութեան ստորաբաժանումները: