Սահմանազատման հարցին մէջ յառաջընթաց կայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ քայլեր կ՛առնուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ուղղութեամբ:
Այս մասին ատրպէյճանական APA լրատու գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ԵԱՀԿի նախագահ Եան Պորկ՝ վերահաստատելով ԵԱՀԿի աջակցութիւնը այս գործընթացի կառուցողական շարունակութեան:
«Այնուամենայնիւ, կայուն, երկարաժամկէտ կարգաւորումը տակաւին կը պահանջէ լուրջ փոխզիջումներ եւ բաւարար քաղաքական կամք երկու կողմերէն` հասկնալով, որ հասարակութեան մէջ անհրաժեշտ են համարձակ քայլեր եւ գործնապաշտութիւն: Մնայուն խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է մնայուն երկխօսութիւն եւ գործնապաշտութիւն` հաւասար հիմունքներով: Ակնյայտ է նաեւ, որ կայուն կարգաւորումը աւելի պիտի ամրապնդուի միջազգային հանրութեան աշխոյժ, փոխլրացնող աջակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ:
«Այս առումով, օգտագործելով ԵԱՀԿ համապարփակ գործիքները եւ երկար տարիներու փորձը, մենք պատրաստ ենք օգնութիւն ցուցաբերելու խաղաղութեան, ապահովութեան եւ կայունութեան երաշխաւորման վերաբերող ատրպէյճանցիներուն եւ հայերուն ջանքերուն», ըսաւ Պորկ: