Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ հայկական, յունական եւ քրիստոնէական կազմակերպութիւններ միացեալ կոչով մը դիմած են Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի ատենապետ Մայքըլ ՄըքՔոլին՝ պահանջելով անկէ, որ քննարկումներու օրակարգին վրայ դնէ Պաքուի եւ ատրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնակատարներու դէմ պատժամիջոցներ սահմանող բանաձեւները։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնած կոչին իրենց ձայնը միացուցած են Հելլէն-ամերիկեան ղեկավարման խորհուրդը (HALC) եւ Քրիստոնեաներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը (IDC)։
Քոնկրեսական Մայք Լոլըրի կողմէ ներկայացուած թիւ 7288 բանաձեւը կը պահանջէ կասեցնել Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները, իսկ Տինա Թայթըսի կողմէ ներկայացուած թիւ 8141 բանաձեւը կը պահանջէ պատերազմական ոճիրներով ամբաստանուած ատրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնակատարներու դէմ պատժամիջոցներ սահմանել։