Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը 31 Մայիսի առաւօտեան, Երեւանի մէջ կատարեց քայլերթ, որ սկսաւ Ս. Աննա եկեղեցւոյ մօտէն: Շարժումին մասնակցողները ժամը 11։30ին հասան Հանրապետութեան հրապարակը, ապա անոնք անցան Գլխաւոր դատախազութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքերուն մօտէն, ուր ոստիկանական մեծաթիւ ուժեր տեղակայուած էին:
Գլխաւոր դատախազութեան շէնքին դիմաց շարժումի ղեկավար Բագրատ արք. Գալստանեան յայտարարեց, որ այս կառոյցը «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան «ծառայութիւն մատուցող ծառայութիւն է»։ Ան ընդգծեց, որ մինչեւ այսօր որեւէ գործ, սկսած շարժումին մասնակցողները գործակալներ պիտակաւորելէն մինչեւ «Հայաքուէ»ի կողմէ ապօրինի սահմանազատման վերաբերեալ հաղորդումը, Գլխաւոր դատախազութիւնը չէ յարուցած։ Սրբազանը շեշտեց, որ կարելի է փաստել, թէ այս պահուն դատախազութիւն գոյութիւն չունի. անիկա միայն զեկուցումներ կը ներկայացնէ Փաշինեանին եւ կը կատարէ անոր քմահաճոյքները։


Արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց, ոստիկանական պատին առջեւ կանգնելով՝ Բագրատ արք. Գալստանեան յիշեցուց Ատրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնները՝ ըսելով, որ անոնք կը նուաստացնեն հայ ժողովուրդը: Ան մեղադրեց իշխանութիւնները՝ անոնց համարժէք պատասխան չտալու յանցանքով։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ կ՛ուզեն գիտնալ, թէ Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող Արցախի ղեկավարներուն վերաբերեալ ի՛նչ աշխատանք կը տարուի, կամ՝ ինչո՞ւ ոչ մէկ քայլի կը ձեռնարկուի։ Մէկ խօսքով՝ հայութիւնը յուզող հարցերուն մասին տեղեկութիւն ունենալու իրաւունքը գործադրելու համար կ՛ուզեն տեսակցիլ արտաքին գործոց նախարարութենէն մէկու մը հետ։
Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը ցոյցին մասնակցողներուն կոչ ուղղեց՝ չխախտելու օրէնքը եւ ենթարկուելու ոստիկաններուն օրինական պահանջներուն։
Բագրատ սրբազանը արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն յորդորեց իջնել, պատասխան տալ բոլոր նուաստացումներուն համար, հակառակ պարագային, ան պնդեց, որ անոնք «Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ գործակալներ են»։
«Եթէ չիջնէք, մենք պիտի բարձրանանք», յայտարարեց սրբազանը՝ 30 վայրկեան պայմանաժամ տալով անոնց:
Այնուհետեւ արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ իրավիճակը սկսաւ լարուիլ։
Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն կ՛ըսեն, որ ցոյցին մասնակցողները կարելի չէ ընդունիլ։ Ոստիկանութիւնը յորդորեց բախման չերթալ՝ ըսելով, որ այդ պարագային պիտի կիրարկեն անհրաժեշտ միջոցներ։ Բագրատ սրբազանը հակադարձեց՝ ըսելով. «Բախման դուք էք գնում»:
Բագրատ սրբազանը շարժումին մասնակցողները յորդորեց բոլոր կողմերէն շրջափակել արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մուտքերը, որ ոեւէ աշխատակից չկարենայ դուրս գալ։


Ան կոչով դիմեց ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեանին՝ յորդորելով չարգիլել իրենց մուտքը արտաքին գործոց նախարարութիւն։
«Դիմում եմ Վահէ Ղազարեանին: Հրահանգ տուէք ոստիկաններին, որ բացեն ճանապարհը եւ ուղեկցէն մեզ: Մենք պէտք է ստանանք մեր հարցերի պատասխանները: Այս պատասխանատուութեան տակ չմտնես, մենք գնալու ենք վերեւ, եւ ոչ ոք իրաւունք չունի մեր ճանապարհը խոչընդոտելու», ըսաւ սրբազանը։
Ոստիկանութենէն յայտնեցին, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձանագրային դրութեան համակարգով գործող կառոյց է եւ ոեւէ մէկը իրաւունք չունի հոն բարձրանալու: Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ լարուած իրավիճակը աւելի եւս սերեցաւ։ Ոստիկանութիւնը փորձեց բանալ դէպի նախարարութիւն տանող մուտքը։
Ծայր առաւ քաշքշուք, եղան բախումներ եւ արձանագրուեցան վիրաւորներ՝ ցուցարարներուն մէջ, որոնք փոխադրուեցան հիւանդանոցներ, եւ որոնց այցելեց Բագրատ սրբազանը՝ առողջութիւն մաղթելով անոնց։
Ներքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Նարեկ Սարգսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ոստիկանութեան գործողութիւններով ձերբակալուած են բողոքի ցոյցին մասնակցող 28 անձեր:
Երեկոյեան բոլորը համախմբուեցան Ս. Աննա եկեղեցւոյ բակը, ուր Բագրատ սրբազանը ըսաւ, որ իշխանութիւնը պատերազմ յայտարարած է իր իսկ ժողովուրդին դէմ։
«Նորից կ՛ասեմ մտքերովդ չանցնի վախեցնել: Եթէ մահը մեզ չի վախեցնում, ոչ մի կալանք էլ չի վախեցնի: Քրէական գործեր են յարուցել, որպէսզի բնութագրեն զանգուածային անկարգութիւն, դնեն պատասխանատուների վրայ, իսկ պատասխանատուն ես եմ, յետոյ գան ձերբակալեն ու գործ յարուցեն», ըսաւ ան։
Խօսելով ոստիկանութեան վարքագիծին մասին՝ Բագրատ սրբազանը յայտարարեց. «Դուք, ծառայելով նրան, ծառայում էք այն թշնամուն, որը ձեր ընկերներին է սպաննել, որի ձեռքերի վրայ արիւն կայ` ձեր ընկերների արիւնը: Դուք սրա՛ մասին մտածէք: Մեզ թշնամացրել են այս մարդիկ: Դրա՛ մասին մտածէք դուք: Վտանգը ոչ թէ մեզնից է, այլ ձեզ հրաման տուողներից` թէ՛ բարոյապէս, թէ՛ իրաւական իմաստով»։
Խօսք առաւ նաեւ թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան, որ դիտել տուաւ, թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան մօտէն կը հետեւին այս շարժումին։ «Որովհետեւ մենք պայքարում են իրենց շահերի դէմ: Այն ինչ ցանկանում են Թուրքիայում եւ Ադրբեջանում, Հայաստանի ոչնչացումն է։ Առաջին անգամ հարեւան Թուրքիայում եւ Ադրբեջանում ոչ թէ ծաղրում են, այլ անհանգստացած են, որովհետեւ մենք պայքարում են իրենց շահերի դէմ: Այն, ինչ ցանկանում են Թուրքիայում եւ Ադրբեջանում, Հայաստանի ոչնչացումն է: Իրենք էնքան են անհանգստացած էս շարժումով, որ կոչ են անում ամէն գնով պահել Հայաստանում գործող իշխանութիւնը: Եթէ մեր պայքարն անհանգստացնում է մեր թշնամիներին, ուրեմն մենք ճիշդ գործ ենք անում: Շարժման պայքարի նպատակը Հայաստանի պետականութեան պահպանումն է», յայտարարեց Բագրատ արք. Գալստեանն։