
Մայիս 28ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան առթիւ, «Հայկական նախագիծ»ի համահիմնադիր Էդգար Էլբակեան հանդէս եկաւ «Մայիսի 28. տեսութիւն եւ պետականաստեղծում» խորագիրով բանախօսութեամբ։ Ձեռնարկը կազմակերպած էր ՀՅԴ Պըրպենքի «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէն։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ իրաւաբան Ռոբերտ Մարգարեան, իսկ հանդիսութիւնը վարեց Լալա Երեմեան: Ասմունքով հանդէս եկան Վահէ Համբարձումեան եւ Րաֆֆի Սարեան:
Էլբակեան նախ ներկայացուց Հայաստանի մէջ հաստատուած քաղաքական ներկայ համակարգին էութիւնը, անոր թրքամէտ բնոյթը եւ հետապնդած նպատակները։ Բանախօսութեան երկրորդ՝ պետականաստեղծման վերաբերող բաժինով, Էլբակեան զուգահեռներ գծեց 1918ի եւ այսօրուան միջեւ, առանձնացնելով ազգային-ազատագրական պայքարի համար անհրաժեշտ քանի մը բաղադրիչներ, որոնցմէ են՝ կարող առաջնորդ մը եւ անոր քաղաքական խմբակը, արհեստավարժ պետական պաշտօնատարներ, ազգային ոգի, անձնազոհ նուիրում, նիւթական ամուր հիմ եւ արտաքին դաշինքներ։
Բանախօսութենէն ետք, Էլբակեան հանգամանօրէն պատասխանեց բազմաթիւ հարցումներու։ Բանախօսութեան եւ հարցում-պատասխանի տեսագրութիւնը կարելիէ է դիտել «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ:
