
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) պաշտօնապէս հերքեց Բագրատ սրբազանին՝ գործակալ ըլլալու մասին տեղեկատուութիւնը:
Այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ ԱԱԾը շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր կը ստուգէ «Սիվիկ» լրատուականի լրագրող Դաւիթ Լեւոնեանի յայտարարութիւնները, որ իբր թէ սրբազանը «Քա.Կէ.Պէ.»ի գործակալ է, միլիոնաւոր տոլարներ ստացած է Քրեմլինէն եւ այդ յայտարարութիւններուն գծով` Լեւոնեանի նկատմամբ սուտ մատնութեան համար վարոյթ նախաձեռնելու հաղորդումը Բագրատ սրբազանի դէմ ոչինչ յայտնաբերուած է:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազութենէն «Փաստինֆօ»ին յայտնեցին, որ ստուգման ընթացքին այդպիսի տուեալներ չեն ստացուած: Իսկ Դաւիթ Լեւոնեանի կողմէ ենթադրաբար սուտ մատնութիւն կատարելու դրուագով եւս քրէական վարոյթի չէ նախաձեռնուած:
«Սուտ մատնութիւն է համարւում` իրաւասու մարմնին յանցագործութեան դէպքի կամ անձի կողմից յանցանք կատարելու մասին սուտ տեղեկութիւն տալը: Տուեալ պարագայում ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւն կամ որեւէ այլ իրաւասու մարմին յանցագործութեան մասին հաղորդում չի ներկայացուել», յայտնեցին դատախազութենէն:
Յիշեցնենք, որ 29 Ապրիլին «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը յանցագործութեան մասին հաղորդում ներկայացուց՝ պահանջելով 24 ժամուան ընթացքին կա՛մ քրէական վարոյթի նախաձեռնել եւ պատասխանատուութեան կանչել Բագրատ սրբազանը, կա՛մ սուտ մատնութեան համար պատասխանատուութեան կանչել «Սիվիկ Նիուզ» լրատուականի լրագրողը: Վերջինս սրբազանը մեղադրած էր՝ իբր թէ «ռուսական գաղտնի սպասարկութեան գործակալ ըլլալու, «Քրեմլինէն միլիոնաւոր տոլարներ ստանալու, Հայաստան-Ատրպէյճան պատերազմ հրահրելու» մէջ:


«ՏԱՒՈՒՇԸ ՅԱՆՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ» ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՑՈՅՑԵՐՈՒՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ ԱՆՁԵՐԸ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՆ
Նախորդ Ուրբաթ օր, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումի բողոքի ցոյցին ընթացքին, արտաքին գործոց նախարարութեան մօտէն ձերբակալուած 28 քաղաքացիներէն 27ն ազատ արձակուեցան, անոնց դէմ մեղադրանք չառաջադրուեցաւ: Ձերբակալուած կը մնայ միայն մէկ հոգի, բայց Քննչական կոմիտէն չմանրամասնեց, թէ ի՛նչ կասկած կայ անոր նկատմամբ:
«Ինչը նշանակում է, որ ամբողջութեամբ հերքւում են իշխանութեան կողմից կամ իշխանութեան քարոզիչների կողմից տարածուող այն թէզերը, թէ իբր քաղաքացիները, որոնք մասնակցում էին զանգուածային, իրենք անունը դրել են անկարգութիւններ, բայց դրանք խաղաղ անհնազանդութիւններ էին, թէ իբր քաղաքացիները շշեր, քարեր, մետաղական եւ նոյնիսկ պայթուցիկ սարքեր կամ պայթուցիկ որոշակի առարկաներ են նետել ոստիկանների ուղղութեամբ», «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ փաստաբան Արսէն Բաբայեան:
Տեսագրութիւնները մատնացոյց ընելով՝ փաստաբանը սկիզբէն իսկ կը պնդէր, որ ձերբակալուած անձերը ոստիկաններու ուղղութեամբ որեւէ իր չեն նետած: Ըստ անոր` այդ ըրած են սադրիչները: «Հէնց ձերբակալման ժամանակ անձամբ ինքս ոստիկանութեան Կենտրոնի բաժնում տեսել եմ երկու անձի, որոնք ակնյայտ իրենց պահուածքով սադրիչ էին, եւ նրանք, ի հարկէ, նրանք էդ պահին ձերբակալուել էին, բայց նոյնիսկ փաստաբանների, մեր թիմից, մեր խմբից որեւէ մէկին չցանկացան տեսնել, աւելին` նոյնիսկ մեզ վրայ սկսեցին յորդուբորդ անել, այսպէս ասած, իսկ ոստիկանութեան ծառայողները նրանց մեկուսացրեցին առանձին, պահեցին», պատմեց Բաբայեան` եզրակացնելով. «Այսինքն` ես հիմնաւոր կասկածներ ունեմ կամ վստահօրէն կարող եմ էդպիսի պնդում անել, որ էնտեղ եղել են սադրիչներ, որոնց ճանաչում է ոստիկանութիւնը»:
19ամեայ ուսանող Արման Սարգսեանի ճակատին տակաւին մնացած է սեւ բերետաւորի մը կօշիկին հետքը: «Դէմքի այս հատուածին ոտքի կօշիկն է դաջուել` այսպէս ասած: Ձախ յետին գագաթնային շրջանի պատռուածք-վէրք, ճակատային շրջանի սալջարդ», ըսաւ ան: Երիտասարդը եւս նախարարութեան շէնքին մօտ ցոյցին կը մասնակցէր, երբ յայտնուեցաւ ոստիկանական վահաններուն միւս կողմը: «5-6 ոստիկան` սեւ բերետաւոր ինձ միանգամից բռնեցին վզից, գցեցին գետնին եւ սկսեցին ոտքով հարուածել ամբողջ մարմնին, յետոյ արդէն ձեռքերով խփել: Չեմ կարող ասել` ինչքան երկար տեւեց, ամէն դէպքում մի պահ կանգ առան, ես փորձեցի յետ շարժուել, ոստիկաններից մէկը ոտքս բռնեց եւ առաջ քաշելով շարունակեցին արդէն մի քանի հոգով հարուածները թէ գլխի, թէ ամբողջ մարմնի հատուածում», պատմեց ան: «Միանգամից սեւ բերետները քաշեցին դէպի իրենց մօտ ու սկսեցին հարուածել որտեղ որ պատահում էր: Իրենք հարուածում էին որտեղ որ պատահում էր, այսինքն` այնպէս չէ, որ ես ուժ էի կիրառում, իրենք ուզում էին էդ ուժ կիրառածը կանխել, չէ, այդպէս չէ», պատմեց ընդդիմադիր շարժման սատարող Դանիէլ սարկաւագ Գէորգեան, որուն ցաւ պատճառած է ոչ թէ ստացած հարուածները, որոնց պատճառով հիւանդանոց փոխադրուեցաւ, այլ իրենց նկատմամբ ցուցաբերուած անարգական կեցուածքը։ «Առանց իմանալու` հայր սուրբ է, քահանայ է, կամ ինչ որ է, հոգեւորական է ի վերջոյ, էդ արտայայտութիւնը, որ «հայր սուրբ ա, հայր սուրբ ա, խփէք», ուզում եմ հասկանալ` ինքը ի՞նչ մտայնութեամբ կամ ի՞նչ մտածելակերպով էդ արտայայտութիւնը ձեւակերպեց ու սկսեց ասել: Չէի կարող պատկերացնել, որ նոյնիսկ այդպիսի բան կարող են արտայայտել», նշեց Դանիէլ սարկաւագը:
Ըստ ներքին գործոց նախարարութեան` ընդդիմութեան միամսեայ ցոյցերուն մասնակցողները ակներեւ բռնութեան ենթարկելու դրուագներով 24 ծառայողական քննութիւն եւ ուսումնասիրութիւն նշանակուած է: Ընդամէնը մէկ ոստիկանի լիազօրութիւնը դադրեցուած է. կարմիր բերետաւորը նախորդ շաբաթ այն ոստիկաններէն էր, որոնք ուժգին ծեծեցին դաշնակցական պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանը: Ան, սակայն, տակաւին մեղադրեալի կարգավիճակ չունի: Դէպքէն մէկ շաբաթ ետք Գլխաւոր դատախազութենէն տեղեկացուցին, որ պատգամաւորին ծեծի դրուագով գործ յարուցուած է պաշտօնատար անձի մը կողմէ բռնութեան գործադրութեան ծառայողական լիազօրութիւնները անցնելու կամ չարաշահելու յօդուածով: