ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Վրաստանի մէջ քաղաքական վտանգաւոր հետեւանքներ պարփակող ճգնաժամը կը շարունակուի արդէն առաւել քան երկու շաբաթներէ ի վեր: Հակառակ իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութեան եւ խորհրդարանական մեծամասնութեան խնդրայարոյց «օտար գործակալներու ազդեցութեան» օրէնքին ի նպաստ քուէարկութեան՝ գործող նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի վեթոյի իր իրաւունքը օգտագործեց եւ միացաւ ընդդիմութեան կազմակերպած բուռն ցոյցերուն, որ այս օրէնքը պարզապէս կը կոչէ «ռուսական օրէնք»: Այդ օրէնքին վաւերացումով, զգալի չափով պիտի աւելնայ երկրին նկատմամբ Ռուսական սողոսկող ազդեցութիւնը:
Համաշխարհայնացած համակարգին տակ, երբ որեւէ երկրի մը մէջ տեղի ունեցող դէպքերը զանազան չափերու ազդեցութիւններ կ՛ունենան մոլորակի բոլոր երկիրներուն վրայ՝ բնականաբար, այդ ազդեցութիւնները չափազանց մեծ կ՛ըլլան դէպքի վայրին դրացի երկիրներուն վրայ եւ անոնց պատճառով՝ տնտեսական փոխկապակցութեան, աշխարհաքաղաքական ուղղուածութեան, պատերազմին եւ քաղաքական անկայունութեան, որոնք կրնան սպառնալ տարածաշրջանային ապահովութեան եւ կայունութեան:
Վրաստան, Հայաստանի դրացի ըլլալուն պատճառով, ռուսական ազդեցութեան մեծացումը այդ երկրին մէջ ուղղակիօրէն իր արձագանգը պիտի ունենայ մեր երկրին մէջ: 2020ի Արցախի պատերազմին ընթացքին, բացայայտ դարձած ռուսական բացասական դերակատարութենէն ետք, Հայաստանի իշխանութիւնները բռնեցին դէպի արեւմուտք աշխարհաքաղաքական ուղղութիւնը, երկրին ապահովութեան համար որոշելով ձեռնարկել աստիճանական բազմազանացում (diversification) գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ, ինչպէս՝ կրթական, տնտեսական, ապահովութեան եւ սպառազինման: Այս արտաքին քաղաքականութեան դէպի արեւմուտք թեքումը կը համընկնէր նաեւ ռուս-ուքրանական պատերազմին պատճառով արեւմուտքին կողմէ Ռուսիոյ դէմ գործադրուած կոշտ քաղաքականութեան, տնտեսական պատժամիջոցներուն, Ամերիկայի եւ Ռուսիոյ միջեւ աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան, որ իր ծիրին մէջ հետզհետէ կը ներառէր նաեւ հարաւային Կովկասի վրայ ազդեցութեան գօտիի տարածման պայքարը:
Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանի լքուած ըլլալու փաստը եւ Արեւմուտքին դէպի կովկասեան տարածաշրջան ներթափանցումի ջանքերը վստահաբար մեր երկրին համար դէպի արեւմտեան քաղաքակրթութիւն ուղղուելու առիթ էր եւ անկաշկանդ զարգացման բաց պատուհան մը, որուն չընդառաջելը պիտի ըլլար քաղաքական մեծ սխալ, առանց թերագնահատելու մեր առջեւ պարզուող ապահովութեան հաւանական մեծ սպառնալիքները:
Կովկասը Ռուսիոյ համար եղած է դէպի տաք ջուրեր հասնելու ճանապարհին անգնահատելի արժէք մը, զոր անիկա դարձեալ ձեռք բերաւ Ատրպէյճանի տարածքով, անոր հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւելով, ի գին Արցախի վերատիրացման Ատրպէյճանի նախաձեռնութեան մէջ գործօն դերակատարութեան եւ իր դաշնակից՝ Հայաստանի հանդէպ իր խոստացած պարտաւորութիւններու դրժման:
Ռուսական այս քաղաքականութեան պատճառով, Հայաստան յայտնուեցաւ բոլորովին անպաշտպան եւ ապահովութեան առումով խիստ վտանգաւոր կացութեան մը մէջ, իսկ արտաքին աշխարհին հետ հաղորդակցելու համար միայն ունենալով Վրաստանը եւ Իրանը, որոնք մեզի կարելիութիւն կ՛ընձեռեն, հիւսիս-հարաւ ճանապարհին կառուցումով թէ՛ արտաքին աշխարհին հետ ուղղակի կապ հաստատելու, թէ տնտեսապէս եւ աշխարհաքաղաքականօրէն ռազմավարական կարեւորութիւն ստանալու Հնդկաստան-Իրան-Հայաստան-Վրաստան-Եւրոպա ամէնէն կարճ ուղիի վրայ գտնուելով:
Վրաստանի վրայ Ռուսիոյ ազդեցութեան վերադարձով, Ռուսիա ոչ միայն Վրաստանի դէպի Եւրոպա կապը կը խոչընդոտէ, այլ նաեւ առաջին հերթին Ատրպէյճանի վրայով դէպի վրացական՝ Չինաստանի նիւթական ներդրումներով արդիականացուած, Սեւ Ծովու Անաքլիա նաւահանգիստը հասնող չինական Belt and Road ենթակառուցուածքային նախաձեռնութեան վրայ վերահսկողութիւնը կ՛ամրացնէ, նոյն ատեն Հայաստանէն անցնող հիւսիս-հարաւ ճանապարհով դէպի Եւրոպա բացուող վերոնշեալ ճանապարհին եւ մեր միակ բաց դրան կղպանքին կը տիրանայ՝ մեզ իրեն ենթակայ դարձնելով:
Ռուսական այս քայլին յաջողութեան պարագային, Վրաստանը եւ Հայաստանը կորսնցնելով Արեւմուտքին՝ հարաւային Կովկաս թափանցելու քայլերը կը ձախողին:
Երկու ժողովուրդներուն հաւաքական գիտակցութեան մէջ թարմ է խորհրդային ժամանակաշրջանին իրենց ապրած փորձառութիւնները եւ շատ դժուար է անոր վերադառնալ փափաքիլը: Այդ պատճառով է որ Վրաստանի մէջ կը տեսնենք ժողովրդային մեծ ցոյցեր եւ անհնազանդութեան դրսեւորումներ, հակառակ անոր որ նշեալ չարաբաստիկ օրինագիծը անհատ քաղաքացիին տնտեսական վիճակին վրայ անմիջական տեսանելի ազդեցութիւն պիտի չունենայ:
Վրաստանի ցոյցերուն ընթացքին ակնյայտ է ժողովուրդին մարտական դրսեւորումը, որ յայտնի կը դառնայ ոստիկանական ոյժերուն հետ բախումներուն ընդմէջէն: