
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութենէն կացութեան ապակայունացումէն բացի ուրիշ ոչինչ կարելի է ակնկալել։
Ըստ անոր՝ դիտորդական այդ առաքելութիւնը քաղաքական իրավիճակի ապակայունացում կը բերէ եւ տարածաշրջանը կը վերածէ աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան ասպարէզի: Զախարովա այս հաստատումը կատարեց՝ պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, որ արդեօք ռուսական կողմը Փարիզին ծանուցա՞ծ է, որ կասկած կայ, թէ եւրոպացի դիտորդները լրտեսութիւն կը կատարեն:
Ան նշեց, որ Ռուսիա այդպիսի բան չէ տեղեկացուցած Ֆրանսային, սակայն, Մոսկուա հրապարակաւ եւ բացայայտօրէն խօսած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան հանդէպ իր բացասական վերաբերումին մասին:
«Մենք բազաթիւ անգամներ նշած ենք Հայաստանի տարածքին մէջ առճակատման էութեամբ Եւրոպական Միութեան այդ կիսառազմական ներկայութեան մասին, ապացոյցներ փնտռելու կարիք չկայ: Այս առաքելութեան հակառուսական, հակաատրպէյճանական եւ հակաիրանեան էութիւնը հետզհետէ աւելի ակնյայտ կը դառնայ, յատկապէս երբ առաքելութեան սկսան միանալ Եւրոպական Միութեան անդամ չհանդիսացող ՆԱԹՕի երկիրներ», ըսաւ Զախարովա՝ աւելցնելով, որ Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին տարածաշրջանային երկիրներու հաւաքական ջանքերով եւ առանց արտաքին միջամտութեան:
Զախարովան նաեւ դիտել տուաւ, որ Ռուսիա Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամներուն կոչ կ՛ուղղէ՝ կիսուելու ուքրանական Պուչա քաղաքին մէջ «իբր թէ ռուսներուն կողմէ սպաննուածներու ցանկը», զոր անոնց փոխանցած է Քիեւ:
«Անշուշտ, Հայաստանի Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը ունի զոհերու ցանկը, զոր Քիեւի վարչակարգը վերագրած է, իբր թէ ռուսական բանակին, եւ թէ այդ մարդիկը սպաննած է ռուսական կողմը: Մենք իսկապէս յոյս ունինք, որ հայկական կողմը` հայկական պաշտօնական պատուիրակութիւնը, այդ մարդոց ցանկը կը կիսէ ռուսական կողմին հետ: Երկու տարիներէ ի վեր, չենք կրնար հասնիլ հոն, ուր ոեւէ մէկը, որոնց կարգին ՄԱԿը, մեզի տուեալներ տրամադրէ իբր թէ հոն զոհուած մարդոց ցանկին վերաբերեալ», ըսաւ Զախարովա՝ աւելցնելով, որ ոչ մէկ լաւ կամ կառուցողական բան կ՛ակնկալէ արեւմտեան պետութիւններէն, ի տարբերութիւն Երեւանի ներկայացուցիչներուն։
Զախարովայի այս յայտարարութեան պատասխանեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան՝ նշելով, որ ան կը ստէ. «Ստեր եւ աբսուրդներ (անհեթեթութիւններ), որն արդէն գործելաոճ է դարձել», նշեց Սիմոնեան: