Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցաւ արձագանգեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` 6 Յունիսին կատարած յայտարարութիւններուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութեան՝ դիտել տալով, որ անիկա Հայաստանի ներքին հարցերուն միջամտութիւն է։
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը չունի տարածքային պահանջներ իր որեւէ հարեւանից, այդ թւում եւ` Ադրբեջանից: Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ նրա փոփոխութիւնները Հայաստանի ներքին գործն են, եւ դրա շուրջ դեռեւս 2018 թուականից մեկնարկած ներհայաստանեան քննարկումներին միջամտելու պաշտօնական Բաքուի փորձերը գնահատում ենք որպէս կոպիտ միջամտութիւն մեր երկրի ներքին գործերին: Միաժամանակ համարում ենք, որ նման խօսոյթը տորպեդահարում (կը թորփիլահարէ) է խաղաղութեան գործընթացը եւ կասկածի տակ է դնում Ադրբեջանի ղեկավարութեան` խաղաղութեան հասնելու անկեղծութիւնը:
Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ բանակցուող Խաղաղութեան համաձայնագիրը յստակօրէն ամրագրում է, որ կողմերը ճանաչում են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը եւ տարածքային պահանջներ չունեն միմեանց նկատմամբ: Խաղաղութեան համաձայնագրի նախագծում համաձայնեցուած դրոյթ կայ նաեւ այն մասին, որ կողմերից որեւէ մէկը չի կարող յղում անել իր ներքին օրէնսդրութեանը Խաղաղութեան համաձայնագրով ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելու համար: Համաձայնագրի ստորագրումը եւ ներպետական ընթացակարգերով վաւերացումը վերջնականօրէն կ՛ամրագրեն այս սկզբունքները: Ըստ այդմ` համարում ենք, որ կողմերի բոլոր մտահոգութիւնները փարատելու ամենայստակ եւ ուղիղ ճանապարհը հէնց Համաձայնագրի ստորագրումն է, որով երկարաժամկէտ խաղաղութեան էջ կը բացուի Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ: Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ Խաղաղութեան համաձայնագիրը բաւականաչափ հասունացած է ստորագրման համար, եւ հայկական կողմն արտայայտում է իր պատրաստակամութիւնը կառուցողական եւ ինտենսիւ (խտացեալ) աշխատել`առաջիկայ մէկ ամսուայ ընթացքում այն ամբողջացնելու եւ ստորագրելու ուղղութեամբ», կ՛ըսուի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
ՊԱՔՈՒ ԿԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ յայտարարութենէն քիչ ետք պատասխանեց՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը նկատելով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու համար խոչընդոտներ ստեղծող կոչ:
«Այսօր իսկապէս գլխաւոր հարցը Ատրպէյճանի նկատմամբ շարունակուող տարածքային պահանջներն են, որոնք ամրագրուած են Հայաստանի բազմաթիւ իրաւական եւ քաղաքական փաստաթուղթերու մէջ, առաջին հերթին ` Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ, որ ուղղակիօրէն յղում կը կատարէ Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրին, որ կոչ կ՛ուղղէ՝ «Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միաւորման»:
Ատրպէյճան օրինական իրաւունք ունի պահանջելու Սահմանադրութենէն վերցնելու այդ պահանջները, որոնք ուղղակիօրէն կ՛ազդեն Ատրպէյճանի ազգային ապահովութեան վրայ, եւ ասիկա չի կրնար նկատուիլ միջամտութիւն Հայաստանի ներքին գործերուն։
Հայաստան պէտք է հասկնայ, որ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն ապահովելու միակ միջոցը դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններ կառուցելն է` անոնց ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ անոնց պահպանման հիման վրայ, եւ վերացնել այդ ուղղութեամբ վտանգ ստեղծող մարտահրաւէրները», ըսաւ Հաճիզատէ: