Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները կը զարգանան յաջողութեամբ, յուսալիօրէն եւ շատ գործնապաշտօրէն, յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական համախմբումի ծիրին մէջ տեղի ունեցած միջազգային լրատուական գործակալութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպումին ընթացքին:
Ան նշեց, որ Ատրպէյճանի մէջ կան շուրջ 300 դպրոցներ, ուր մանուկներու ռուսերէն կը դասաւանդեն: «Նախագահ Իլհամ Ալիեւ մեծապէս կ՛աջակցի երկրին մէջ լեզուի ուսուցման: Ասիկա կը նշանակէ, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կը մեկնի անկէ, որ ռուսերէնը պէտք պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն, զարգացնելու համար երկկողմ կապերը եւ անոնք իսկապէս կը զարգանան», ըսաւ Փութին: