«Դուք Մեր Պարծա՛նքն Էք Այսօր Եւ Յոյսը Վաղուան». Գեղամ Արք. Խաչերեան
Շաբաթ, 1 Յունիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի երկրորդական կարգի ամավերջի հանդէսին եւ արտասանեց առաւել քան վեց տասնեակ շրջանաւարտ աշակերտները ոգեւորող խօսք մը, յատկապէս երբ հանդէսին ներկայ ծնողներու, հարազատներու եւ հիւրերու բազմութիւնը հրաւիրեց ոտքի՝ ի յարգանս իրենց երիտասարդութեան սեմին կանգնած շրջանաւարտ փաղանգի կրթական ճիգին ու տարիներու աշխատանքին՝ ըսելով. «Սիրելի՛ աշակերտներ, դուք մեր պարծա՛նքն էք այսօր եւ վառ յոյսը մեր վաղուան»:
Առաջնորդ սրբազանը փոխանցելով իր խորհրդածութիւնները՝ նշեց, որ իբրեւ նորընտիր առաջնորդ, տարեփակի հանդիսութիւններու շարանը ահա՛ սկիզբ կ՛առնէ գաղութի առաջի՛ն երկրորդական վարժարանի հանդէսով եւ այս առիթով աւելցուց, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմը նաեւ «Դպրոցաշէն եւ կրթասէր թեմ կը կոչեմ, Բարերար թեմ ըլլալու կողքին»: Իր խօսքին մէջ ան նաեւ գնահատեց շրջանաւարտներուն ծնողները, որոնք գիտակից վստահութեամբ հայկական վարժարան կ՛ուղարկեն իրենց զաւակները, եւ դրուատանքի արժանացուց սրահին մէջ գտնուող մեծ-մեծ ծնողները՝ դիտել տալով, որ անոնք ազգային ոգեղէն արժէքներ կրողներն են մեր ազգին մէջ եւ իրենց շէնշող ներկայութեամբ հայկականութեամբ կը լեցնեն իրենց զաւակներուն, թոռներուն ու մեր բոլորին կեանքերը, հայաբոյր կը դարձնեն մեր տուները եւ օճախները:
Հուսկ, յուսավառ ապագայի տեսլականը տարածելով իր շուրջը՝ առաջնորդը շնորհաւորեց շրջանաւարտ սերունդը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ ներկաները ու բոլորին բաշխեց իր սրտագին օրհնութիւնները: