Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին, որ կանչուած էր Մոսկուա՝ խորհրդակցութիւններու, 24 Մայիսին վերադարձաւ Երեւան։ Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»ին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Մայիսի վերջաւորութեան յայտարարեց, որ Ռուսիոյ դեսպանը Մոսկուա պիտի կանչէ խորհրդակցութիւններու համար:
«Ան մասնակցեցաւ խորհրդակցութիւններու եւ, որքան ես գիտեմ, արդէն ան Երեւան կը գտնուի», ըսաւ Կալուզին:
Ան ընդգծեց, որ «դեսպանը խորհրդակցութիւններու կանչելը սովորական ընթացակարգ է, որ բաւական յաճախ կը կիրարկուի»։