Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Հաքան Ֆիտան Նիժնի Նովկորոտի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկեցին նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Կողմերը անդրադարձան միջազգային օրակարգի հիմնական հարցերուն, ներառեալ՝ Միջին Արեւելքի եւ Անդրկովկասի մէջ տիրող կացութիւնը», կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: