Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի Քանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկեցին Հարաւային Կովկասի իրավիճակը եւ դէմ արտայայտուեցան տարածաշրջանի գործերուն մէջ արտաքին խաղացողներու միջամտութեան: Այս մասին յայտնեցին Իրանի դիւանագիտական վարչութենէն:
«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւի հետ հանդիպումին ընթացքին ես բացատրեցի Իրանի դիրքորոշումը տարածաշրջանի հարցերուն վերաբերեալ՝ նշելով Կովկասի մէջ որոշ արտատարածաշրջանային խաղացողներու ներկայութեան ապակայունացնող հետեւանքները: Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը պահպանելու համար պէտք է աւելի մեծ համակարգում եւ համագործակցութիւն Իրանի, Ռուսիոյ եւ տարածաշրջանային այլ կառավարութիւններու միջեւ», «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է Պաղերի Քանի։
Ան նաեւ դիտել կու տայ, որ «կովկասեան տարածաշրջանի գործերուն արտաքին միջամտութեան աճը կը պահանջէ ռազմավարական համակարգում եւ մնայուն խորհրդատուութիւն՝ Իրանի եւ Ռուսիոյ պաշտօնատարներու միջեւ»:
Ըստ Պաղերի Քանիի՝ « տարածաշրջանային գործիքակազմերու ներուժը առաւելագոյնս օգտագործելը կարեւոր է, ինչպէս՝ «3+3» հարթակը (Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան, Իրան, Ռուսիա եւ Թուրքիա)` արձագանգելու համար տարածաշրջանին դիմաց ծառացած մարտահրաւէրներուն։
Խովաեւ լուսարձակի տակ առաւ Մոսկուայի եւ Թեհրանի տեսակէտներու նմանութիւնը Հարաւային Կովկասի հարցերուն վերաբերեալ եւ «այս առումով նշեց երկու երկիրներու իշխանութիւններուն միջեւ սերտ եւ մնայուն գործակցութեան ու համակարգման անհրաժեշտութիւնը` պայքարելու Անդրկովկասի գործերուն մէջ արտատարածաշրջանային խաղացողներու միջամտութեան դէմ»:
Ասոր զուգահեռ, Մոսկուայի, Թեհրանի եւ Պաքուի ներկայացուցիչները պայմանաւորուեցան «Հիւսիս-Հարաւ» միջազգային երթեւեկի միջանցքի ծիրին մէջ բեռնափոխադրումներու հարցով կազմել աշխատանքային խումբ եւ ստուգել սահմանային եւ մաքսային անցակէտերը Ռուսիա-Ատրպէյճան եւ Ատրպէյճան-Իրան սահմաններուն:
Այս մասին «Թասս»ին յայտնեց Իրանի մօտ Ռուսիոյ առեւտրական առաքելութեան մէջ Տաղստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ Անտրէյ Թանաեւ, որ ռուսական պատուիրակութեան կազմին մէջ մասնակցեցաւ աշխատանքային խումբի կազմութեան նուիրուած փորձագէտներու հանդիպումին: