«Հայաստանի իշխանութիւններուն հրատապ կոչ կ՛ուղղենք՝ մանրակրկիտ կերպով հետաքննելու այս միջադէպերը եւ աշխատանքային ապահով միջավայր երաշխաւորելու բոլոր լրատուամիջոցներու մասնագէտներուն համար», կը գրէ ipi.media-ն:
Աղբիւրը կը յիշեցնէ, թէ Հայաստանի մէջ գործող մամլոյ ազատութեան ինն կազմակերպութիւններ, որոնց կարգին Երեւանի մամլոյ ակումբը եւ Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէն, հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ` դատապարտելով իրաւապահ մարմիններու գործողութիւնները` զանոնք որակելով իբրեւ «ուժի չափազանց կիրարկում» եւ պատասխանատուութիւն պահանջելով անոնց համար, որոնք անխտիր թիրախ դարձուցած են հաւատարմագրուած լրագրողները կամ վնասած սարքերը:
«Իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ մանրակրկիտ եւ անաչառ հետաքննութիւն իրականացնեն 12 Յունիսի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: Անկախ ցոյցերու բնոյթէն, անընդունելի է իրենց աշխատանքը կատարող լրագրողներու նկատմամբ չափէ աւելի որեւէ մեծ ուժի կիրարկում կամ բռնութիւն: Իւրաքանչիւր անձ, որ պատասխանատու է աւելորդ ուժի կիրարկման մէջ, պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի», նշեց IPI-ի փոխտնօրէն Սքոթ Կրիֆըն:
Աղբիւրը կը նշէ, որ դէպի ժողովրդավարութիւն Հայաստանի ճամբան խորթուբորթ եղած է, սակայն վերջին տարիներուն երկրին մէջ մամլոյ ազատութեան վիճակը զգալիօրէն բարելաւուած է:
«Լրատուամիջոցներու կանոնակարգերու բարեփոխումները եւ ծանր վիրաւորանքներու ապաքրէականացումը դրական քայլերէն են: Այնուամենայնիւ, լրատուական դաշտը կը մնայ խիստ բեւեռացուած, եւ տեղեկատուութեան հասանելիութիւնը յաճախ կը սահմանափակուի», եզրափակեց ipi.media-ն: