Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթով յայտնեց, որ ՀԱՊԿը կը պահպանէ Հայաստանի նկատմամբ իր բոլոր պարտաւորութիւնները, եւ որ անիկա կը մնայ կազմակերպութեան դաշնակիցը։
«Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ ՀԱՊԿի մէջ մեր դաշնակիցը. Հայաստանի հանդէպ մեր բոլոր պարտաւորութիւնները կը պահպանուին, սակայն, կազմակերպութեան անդամակցելու հարցը երկիրի գերիշխան իրաւունքը եւ որոշումն է», նշեց Թասմաղամպեթով կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 20 Յունիսի նիստին ընթացքին։ Ան շեշտեց, որ Հայաստան այլեւս պէտք է վերջնական որոշում տայ ՀԱՊԿին անդամակցութեան հարցին գծով։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան չի մասնակցիր ՀԱՊԿի համաժողովին:
Ասոր զուգահեռ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ Հայաստանի՝ ՀԱՊԿէն դուրս գալու հարցը չէ քննարկուած Ալմաթիի մէջ նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին, եւ աւելցուց, որ այդպիսի դիմում մը չէ կատարուած։