Ոստիկանութեան յատուկ ջոկատայինները խումբով կոտրեցին Արցախի ներկայացուցչութեան դարպասները, որպէսզի գրաւեն Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի ծառայողական ինքնաշարժը:
«Միանշանակ պէտք է դատարանի որոշում՝ ոչ թէ մեքենան առգրաւելու համար, այլ մեքենան կոնկրետ (յստակ) Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան շէնքին հարող տարածքից առգրաւելու համար անհրաժեշտ է դատարանի որոշում», հաստատեց Շահրամանեանի ներկայացուցիչ Ռոման Երիցեան:
Քննչական կոմիտէէն չյայտնեցին, թէ ի՛նչ հարցով առնուած է այս քայլը. անոնք խօսեցան Փետրուարին յարուցուած քրէական գործի մը մասին: Խօսքը Շահրամանեանի թիկնազօրի աշխատակից Աշոտ Դանիէլեանի գործին մասին է: Փետրուարին ան ձերբակալուեցաւ թմրեցուցիչ պահելու եւ գործածելու կասկածով:
Դանիէլեան ազատ արձակուեցաւ. Անոր դէմ մեղադրանք չառաջադրուեցաւ, բայց գործի քննութիւնը կը շարունակուի:
Քննչական կոմիտէի խօսնակ Գոռ Աբրահամեան ըսաւ, որ ինքնաշարժը գրաւած են էական նշանակութիւն ունեցող հանգամանքներ պարզելու համար:
Երիցեան դիտել տուաւ, որ արդէն մէկ անգամ` Փետրուարին, այդ ինքնաշարժը խուզարկած եւ վերադարձուցած են Աշոտ Դանիէլեանին: Այդ քրէական վարոյթը, ըստ անոր, ինքնաշարժին հետ կապ չունի։
Ըստ Երիցեանի՝ վերջին նախագահին սպասարկող ինքնաշարժը իրաւապահներուն թիրախ դարձած է քաղաքական դրդապատճառներով: Ըստ անոր` արցախցիներուն վրայ ճնշում կը բանեցնեն եւ զանոնք կը պատժեն՝ Բագրատ սրբազանի հաւաքներուն մասնակցելնուն եւ սատարելնուն համար:
Քննչականէն յայտնեցին, որ ինքնաշարժը պիտի վերադարձնեն գործողութիւնները աւարտելէ ետք. անոնք ժամկէտ մը չնշեցին: