Պաքու 21 Յունիսին, հայկական կողմին փոխանցեց 2 հայ զինուորներու դիակ-մասունքները: Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն յայտնեցին, որ, ենթադրաբար, Սեպտեմբեր 2022ի մարտերուն ընթացքին նահատակուած զինուորներ են:
Այդ մարտերուն ցարդ անհետ կորսուած կը նկատուին 19ամեայ ժամկէտային զինուոր Թոռնիկ Սարգսեան եւ 33ամեայ պայմանագրային զինուոր Շիրազ Խաչատրեան:
Փորձաքննութիւն կը կատարուի անոնց ինքնութիւնը ճշդելու։
Շիրազ Խաչատրեանի կինը շուրջ երկու տարիներէ ի վեր կը սպասէ որեւէ տեղեկութեան. ան գիտէ, որ իր ամուսինը նահատակուած է. անոր մարմինը ամիսներով Վարդենիսի Կուտական գիւղի միջդիրքային տարածքին մէջ էր, տեսանելի էր, բայց ատրպէյճանական կողմը չէր արտօնած մօտենալ, եւ մարմինը հանել։
Հայաստան-Ատրպէյճան չէզոք գօտիին մէջ մնացած Շիրազի մարմինը ոսկրացած է բաց երկինքի տակ, հայկական կողմին քով կան լուսանկարներ, որոնցմով անոր կինը դատարան դիմեց եւ միայն մէկ ամիս առաջ ամուսինը զոհուած նկատուեցաւ:
Երկու զաւակներուն հետ մինակ մնացած երիտասարդ կինը հիմա կը սպասէ ծինային փորձաքննութեան աւարտին։
Պաշտօնական Պաքու 2 հայ զինուորներու մարմինները փոխանցելը նկատեց «մարդասիրութիւն, բարի կամք» եւ շեշտեց, որ մասունքները Սեպտեմբեր 2023էն ետք ընթացք առած որոնողական աշխատանքներուն ընթացքին յայտնաբերուած են:
Թէ՛ Շիրազ Խաչատրեանի եւ թէ Թոռնիկ Սարգսեանի մարմիններուն գտնուած վայրը յստակ տուեալներով Ատրպէյճանին փոխանցուած էր աւելի կանուխ։ Այս մասին յայտնեց երկու զինուորներուն ընտանիքներուն շահերը Սթրասպուրկի դատարանին մէջ ներկայացնող Սիրանուշ Սահակեան: «Նրանք կարող էին աւելի վաղ վերցնել ու փոխանցել հայկական կողմին` մեղմելով ընտանիքներին պատճառուող տառապանքները: Այս դիերի չհայրենադարձւումը մենք միտումնաւոր քայլ ենք որակում», ըսաւ Սահակեան, որ վստահ է, թէ Ատրպէյճան մարդասիրութիւն կը փորձէ ցուցաբերել, որովհետեւ միջազգային իրաւական հարթակներու վրայ` Սթրասպուրկէն մինչեւ ՄԱԿի հարթակները, բազմաթիւ գործեր կան:
«Նաեւ ընթանում են խաղաղութեանն ուղղուած քննարկումներ: Ադրբեջանն իրականում վարում է ժխտողական քաղաքականութիւն, սակայն պէտք է կարողանայ իմիտացնել (նմանակել) դրական տեղաշարժեր ու համագործակցութեան պատրաստակամութիւն, ուստի պէտք է այս տրամաբանութեան մէջ ընկալենք երկու դիի վերադարձման խնդիրը», ընդգծեց Սահակեան: