Պելոռուսի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ երկիրներուն հետ համագործակցութեան վարչութեան պետ Սերկէյ Մոլունովի եւ Պելոռուսի մօտ Հայաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Նարեկ Տիրատուրեանի հանդիպումը:
Ըստ Պելոռուսի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ հայկական կողմին փոխանցուեցաւ բողոքագիր մը։
Յիշեցնենք, որ օր մը առաջ, Վիլնիւս կատարած այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցաւ պելոռուս ընդդիմադիր գործիչ Սվեթլանա Թիխանովսքայայի հետ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին «Լուքաշենքոյի վարչակարգին նկատմամբ հաստատակամ դիրքորոշման համար» եւ յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ Հայաստանի եւ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ սերտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի: