ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ յայտարարեց, թէ անհրաժեշտ է կանխել Միջին Արեւելքի մէջ տագնապին ընդլայնումը:
Ան խոր մտահոգութիւն յայտնեց Իսրայէլի եւ լիբանանեան «Հըզպալլա»ի միջեւ ընդհարումներու եւ «ռազմական հռետորաբանութեան» գծով:
«Մէկ չմտածուած քայլ, մէկ սխալ հաշուարկ կրնայ աներեւակայելի աղէտի առաջնորդել: Եկէք յստակօրէն փաստենք, որ շրջանի ժողովուրդը եւ աշխարհը չեն կրնար թոյլ տալ, որ Լիբանանը դառնայ այլ Կազա մը», ըսաւ Կիւթերեշ:
Իր կարգին, հարաւային Լիբանան հաստատուած ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերու՝ ՖԻՆԻՒԼի, գրասենեակի փոխտնօրէն Քենտիս Արտել հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտնեց հետեւեալը. «Հոկտեմբերէն ի վեր ականատես եղանք մեր դիրքերուն մէջ շարք մը դէպքերու, մեր ինքնաշարժները երկու կողմերէն ալ կրակոցի ենթարկուեցան: Կարգ մը պարագաներու, խաղաղապահ ուժերու անդամներ վիրաւորուեցան, բարեբախտաբար վէրքերը վտանգաւոր չէին: Բոլոր կողմերուն շարունակաբար կը յայտնենք, որ ՄԱԿի դիրքերը թիրախ դարձնելը կամ մեր դիրքերուն մօտիկ շրջաններ Կապոյտ գիծէն անդին յարձակում գործելու համար օգտագործելը անընդունելի է եւ թիւ 1701 որոշումը ոտնահարել է»։